«Եուրոփա Լիկ». Միքա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձին իր կատարած մրցումին, երէկ Միքա հիւրընկալեց Ռուտար Փլժեվլժան (Մոնթենեկրօ):
Հայկական կազմը, որ երթին մրցակիցին դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, երէկուան մրցումին թէեւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն: Ա. կիսախաղի վերջին վայրկեանին Ղազարեան նշանակեց Միքայի կոլը, իսկ հիւր կազմը իր կոլը` 85-րդ վայրկեանին:
Վաղուան Մրցումները
Հայկական երկու այլ կազմեր իրենց կարգին վաղը մրցում ունին կատարելիք: Գանձասար, որ հիւրը պիտի ըլլայ Աքթոպէի, երթին իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:
Փիւնիք – Թեթեքս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, կարեւոր պիտի ըլլայ հայկական կազմին համար, թէեւ անիկա երթին մրցակիցին դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Նշենք, որ երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

