«Ազդակ»-ի Արխիւներու Թուայնացման Աշխատանքները Աշխուժ Թափով Կ’ընթանան
15 մարտին բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին, որուն հիմնադրութեան նպատակն է ամբողջական արխիւները թուայնացնել եւ առիթ տալ գրասէրներուն ու յատկապէս երիտասարդներուն «Ազդակ»-ի յարկին տակ իրենց պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները կատարելու:
Ուսումնասիրութեան կեդրոնին աշխատանքներուն լծուած է Թալին Գալայճեան, որ մասնագիտական կերպով կը տանի գործը. ան տարբեր համալսարաններու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի, Զմմառու վանքի եւ Հալէպի ձեռագիրներու թուայնացումը կատարած է: Ան 10 տարի աշխատած է «Էյչ. Էմ. Էմ. Էլ.» յատուկ հաւաքածոներուն գրադարանին մէջ, որ հին ձեռագիրներու թուայնացման գործունէութիւն կը տանի:
«Ազդակ»-ի արխիւներու թուայնացումը պիտի անցնի 3 հանգրուաններէ: Առաջինը` թերթերու լուսանկարչութեան հանգրուանն է, ուր էջ առ էջ պիտի նկարուին թերթերը եւ այս աշխատանքը պիտի տեւէ նուազագոյնը 6 ամիս: Երկրորդ հանգրուանը պիտի ընդգրկէ թեքնիք աշխատանքը, այսինքն` լուսանկարներուն ուղղութիւնը շտկել, կտրել եւ վերանուանել: Վերանուանումը պիտի դիւրացնէ ուսումնասիրողին գործը, որ պարզապէս իր փնտռած թերթի տարեթիւը եւ էջը դնելով փնտռտուքի յատուկ բաժինին մէջ պիտի յաջողի գտնել զայն: Երրորդ հանգրուանը կը նախատեսէ որոնելի դարձնել այս արխիւները յատուկ ծրագիրի մը միջոցով, եւ ուսումնասիրողը պիտի կարենայ յօդուածի մը վերնագիրը կամ յօդուածագիրին անունը դնելով իր փնտռտուքը կատարել: Այս արխիւները պիտի պահուին տի. վի. տի.ներու եւ հարտ տիսքի վրայ` իւրաքանչիւր տարին մէկ տի. վի. տի.ի վրայ:
Այս աշխատանքը կը դիմագրաւէ տարբեր դժուարութիւններ. Կան թերթեր, որոնք չորնալու սկսած են եւ էջերը կը փտտին թերթատելու ընթացքին: Աւելի ուշ, նորոգութեան աշխատանք ալ պիտի կատարուի: Կայ նաեւ այլ հարց մը ` կարգ մը էջեր մինչեւ ծայր չեն բացուիր եւ այդ պատճառով վերջին սիւնակի բառերը անընթեռնլի կը մնան: Տակաւին կայ այլ հարց մը, որ տարբեր պատճառներով «Ազդակ»-ի կարգ մը արխիւներ չկան մեր տրամադրութեան տակ: Կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, որպէսզի անոնք, որոնք հետեւեալ թուականներու` 1928, 1930, 1931, 1932, 1936, 1940, 1944 «Ազդակ»-ներ ունին կապուին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Թիւերը կրնանք նկարահանել եւ վերադարձնել բնագիրները:

