Ըստ Հարցախոյզի Մը. Ֆրանսայի Իսլամներուն Մեծամասնութիւնը Կը Քուէարկէ Ի Նպաստ Ձախակողմեաններուն
Ըստ ֆրանսական «Իֆոփ» ընկերութեան կատարած եւ «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հրապարակած ուսումնասիրութեան, Ֆրանսայի իսլամներուն մեծամասնութիւնը կը քուէարկէ ի նպաստ ձախակողմեաններուն. ընտրանք մը, որ բաղդատմամբ 2007-ի նախագահական ընտրութեան, 2012-ին առաւել եւս ամրապնդուած է:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան առաջին հանգրուանին ընթացքին Ֆրանսուա Հոլլանտ իսլամներու քուէներուն 57 առ հարիւրը ստացած է, իսկ աջակողմեան թեկնածու Նիքոլա Սարքոզի` միայն 7 առ հարիւրը:
Ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին ընթացքին Հոլլանտի ի նպաստ քուէարկած իսլամներուն համեմատութիւնը բարձրացած է 86 առ հարիւրի: Ան ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած էր` ապահովելով ֆրանսացի քուէարկողներու 51.6 առ հարիւրին քուէները:
Ըստ ուսումնասիրութեան, ֆրանսական հասարակութեան մէջ չկայ հատուած մը, որ իսլամներուն համեմատութեամբ ի նպաստ ընկերվարական թեկնածուին քուէարկած է` աւելցնելով, որ ֆրանսական ձախին իսլամ քուէարկողներու ձայնին տիրելը նորութիւն մը չէ, սակայն 2007-ի նախագահական ընտրութեան բաղդատմամբ ամրապնդուած է:

