Միացեալ Նահանգներ Զգուշացուցած Են Ռուսիան Սնոուտընին Օգնելէ

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճենիֆըր Փսաքի յայտնած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընին ապաստան գտնելու հարցին մէջ աջակցիլը պիտի ազդէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ: Ան նշած է, որ Ռուսիոյ հետ այդ հարցով բանակցութիւնները տակաւին արդիւնաւէտ են:

Փսաքի յայտնած է, որ ամերիկեան կողմը Ռուսիոյ հետ այդ հարցին շուրջ երկխօսութիւնը «արդիւնաւէտ» կը նկատէ եւ մատնանշած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի այդ հարցին վերաբերեալ յայտարարութիւնը:

Փութին 1 յուլիսին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր, որ «եթէ ան ուզէ այստեղ մնալ, ապա կայ մէկ պայման` ան պէտք է դադրեցնէ մեր ամերիկացի գործընկերներուն վնասող գործունէութիւնը»:

Փութին նաեւ ընդգծած էր, որ Ռուսիա չի պատրաստուիր Սնոուտընը յանձնելու: «Ռուսիա երբեք ոեւէ մէկը չէ յանձնած եւ չի պատրաստուիր յանձնելու», ըսած էր Փութին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պայմաններով Ռուսիա պատրաստ է Սնոուտընը յանձնելու:

Փսաքի մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Էտուըրտ Սնոուտընին ապաստան տրամադրող որեւէ երկրի հետ յարաբերութիւնները ինքնաբերաբար պիտի վատանան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )