Ռաս Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Զինուորական Հանդիպում` Նախագահութեամբ Զօր. Սերրայի
ՖԻՆԻՒԼ-ի Ռաս Նաքուրայի կեդրոնին մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, սահմանային Կապոյտ գիծին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման խնդիրը:
Զօր. Սերրա յայտնեց, որ երկու կողմերուն մօտ նկատառելի է խաղաղութիւնը պահպանելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատանքը ՖԻՆԻՒԼ-ին հետ համադրելու պատրաստակամութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

