ՍՈՒՐԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԼԻԱՐԺԷՔՕՐԷՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԵԼՈՒ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը,  վկայակոչելով իր ձեռքը անցած փաստաթուղթ մը, կը հաղորդէ, որ Սուրիա պատրաստ է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ լիարժէքօրէն գործակցելու: Սուրիոյ հիւլէական մարզի ղեկավարներուն նամակին մէջ կը նշուի, որ «մենք պատրաստ ենք ամբողջ ծաւալով համագործակցելու գործակալութեան հետ»:

Այս տարուան ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան գործակալութեան ղեկավար Եուքիա Ամանօ յայտարարած էր, որ Տէր Զօրի մէջ գտնուող վայրը, որ 2007-ին քանդուած էր իսրայէլեան օդուժին կողմէ, կառուցուող հիւլէական հնոց էր: Սուրիան գործակալութեան ներկայացուցիչներուն մէկ անգամ թոյլատրած էր Տէր Զօր այցելել, սակայն 2008-ի յունիսէն ի վեր Դամասկոս չէ համագործակցած գործակալութեան հետ:

Սուրիա կը հերքէ, թէ տուեալ վայրը հիւլէական նշանակութիւն ունի եւ թէ երկիրը այդ մարզին մէջ գաղտնի գործունէութիւն ծաւալած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES