Չելսի Իր Կազմին Միացուց 40 Տարեկան Բերդապահ Շվարզերը
«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Չելսի իր կազմին միացուց աւստրալիացի 40 տարեկան բերդապահ Մարք Շվարզերը` մինչեւ 2014-ի Մոնտիալին աւարտը, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ան բաւական մեծ փորձառութիւն ունի Անգլիոյ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ` նկատի ունենալով, որ աւելի քան 15 տարի մաս կազմած է անգլիական խումբերէն Պրետֆորտ Սիթիի, Միտըլզպորոյի եւ Ֆուլհեմի:
Նախորդ տարեշրջանին ան հանդիսացաւ առաջին օտար մարզիկը, որ կատարեց «Փրեմիեր լիկ»-ի 500 մրցում:
CATEGORIES Մարզական