ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Վատիկանի մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքին վերաբերող հարցեր:
Կարտինալ Սանտրի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` Մար Մարոնի յուշարձանի բացման արարողութեան ներկայ գտնուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ դրուատեց անոր ազգային դերակատարութիւնը:
Սանտրի մաղթեց, որ մարոնի եպիսկոպոսները յաջողին մարոնի համայնքի նոր պատրիարք մը ընտրելու իրենց առաքելութեան մէջ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ալի Ապտալլան, որուն հետ քննարկեց իր նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի:
Միւս կողմէ, Պաապտայի մէջ երէկ նախագահ Սլէյման Մայրիներու բարձրագոյն սպայի աստիճանի շքանշանով պարգեւատրեց նախկին նախարար Միշել Էտտէն` անոր քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ տեղեկատուական ջանքերուն եւ հսկայ գործունէութեան համար: