Հաղորդագրութիւն

Չորեքշաբթի, 10 յուլիս 2013-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութենէն եւ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբէն ներկայացուցիչ եղբայրներ հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ տոքթ. Ռոպեր Ապի Ապտալլայի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եղբայր Էլի Սրապոնեան: Տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս պասքեթպոլի մարզը յուզող, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի հետ առնչուած հարցեր:

Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին նախագահը լուսաբանութիւններ տուաւ  ՀՄԸՄ-ի եղբայրներուն` պատրաստակամութիւն յայտնելով օժանդակելու ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ծրագիրներու իրականացման, բարձր գնահատելով միութեան գործունէութիւնը այս մարզին մէջ:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

11 յուլիս, 2013

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )