Ռուսիա Եւ Կիպրոս 2.5 Միլիառ Եւրոյի Վարկի Նոր Պայմաններու Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վիաչեսլաւ Շումսքի երէկ կիպրական «Սիկմա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիա եւ Կիպրոս փաստացիօրէն 2011-ի վերջին Մոսկուայի կողմէ տրամադրուած 2.5 միլիառ եւրօ վարկի վերակազմաւորման մասին համաձայնութիւն գոյացուցած են:
«Կիպրոսի կողմէ վարկի վճարումը կը յետաձգուի հինգ տարիով` 2016-էն մինչեւ 2021: Բացի ատկէ, տոկոսը 4.5 առ հարիւրէն նուազեցուած է 2.5 առ հարիւրի: Ատիկա կը նշանակէ, որ Կիպրոս շուրջ երկու հարիւր հազար եւրօ պիտի խնայէ», ըսած է ան:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին Շումսքի մեկնաբանած է, որ Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատրաստած է եւ կիպրական ելեւմուտքի նախարարութեան փոխանցած վարկի վերակազմաւորման վերաբերեալ համաձայնագիրի ծրագիրը` աւելցնելով, որ կիպրական կողմը համաձայն է եւ պատրաստ զայն ստորագրելու:

