ՄԱԿ Ընդունած Է Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Հարցերը Քննարկելու Դամասկոսի Հրաւէրը

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները ընդունած են Սուրիոյ կառավարութեան հրաւէրը`  քիմիական զէնքի օգտագործման հարցերը Դամասկոսի մէջ քննարկելու համար:

Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններ կատարելու համար պիտի մեկնին ՄԱԿ-ի` Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործումը հետաքննող առաքելութեան ղեկավար Օքէ Սելլսթրեմ եւ զինաթափման հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Անճելա Քէյն:

Կը նախատեսուի, որ բանակցութիւններուն ընթացքին անոնք Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ քննարկեն տագնապին ընթացքին քիմիական զէնքի օգտագործման դէպքերու ուսումնասիրութեան հարցերը` ՄԱԿ-ի հովանիին տակ:

9 յուլիսին ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ  ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ փորձագէտները դէպքերը վերլուծելով եկած են այն եզրակացութեան, որ զինեալ ընդդիմադիրները 2013-ի գարնան Հալէպի մօտ քիմիական զէնք օգտագործած են:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Շունիեյինկ կոչ ուղղեց «Սուրիոյ մէջ անմիջապէս զինադադարի հաստատման»` սուրիական կողմերուն դարձեալ կոչ ուղղելով ընդառաջելու Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու հրաւէրներուն:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Պենիամին պեն Էլիազար յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կատարելապէս պատրաստ պէտք է ըլլայ, մասնաւորաբար ներկայ հանգրուանին, որ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն լոյսին տակ անորոշութեամբ կը բնորոշուի:

Ան նաեւ պահանջեց «իսրայէլեան բանակի ծախսերը կրճատել»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )