ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԻՆ «ՄԵՆՔ ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉՀԱՆԴՈՒՐԺԵՆՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Յանձնախումբի նիստին բացման ընթացքին

Երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Հանրապետութեան նախագահը նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուց, որ յանձնախումբը ընդլայնած է իր կազմը` ընդգրկելով նաեւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան տնօրէններու խորհուրդի տեսուչ, Մեծն Բրիտանիոյ, Իրլանտայի եւ հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար Մարտին Եսայեանը եւ Հայ օգնութեան միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան  նախ ողջունեց ներկաներուն մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստին: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք ընդունեցին յանձնախումբին մաս կազմելու իր առաջարկը եւ յատկապէս անոնց, որոնք յատուկ այս անդրանիկ նիստին մասնակցելու համար ժամանեցին Հայաստան: Նախագահը մասնաւորապէս ըսաւ. «Այլ բան չէի ակնկալեր, քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մարդկութեան դէմ գործուած այդ յանցագործութենէն 96 տարի անց տակաւին բաց է բոլորիս` իւրաքանչիւր հայու համար: Բաց է, քանի որ կարելի չէ ընկալել եւ հասկնալ պետութեան մը կողմէ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ ծրագրուած եւ իրականացուած բնաջնջման քաղաքականութիւնը: Բաց է, քանի որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած ոճիրին հետեւանքները մինչեւ այսօր չեն վերացուած` հակառակ իննուկէս տասնամեակներուն: Բաց է, քանի որ այսօր կան մեծ եղեռնը իրականացնողներու ուրացող հետեւորդներ, որոնք ջանք եւ եռանդ չեն խնայեր հայոց պատմութեան այս սեւ էջը խեղաթիւրելու համար: Բաց է, քանի որ Մեծ եղեռնը ուրացողները մեր ողբերգութիւնը կը դիտեն իբրեւ զուտ միջազգային քաղաքականութեան մէջ իրենց համար անյարմարութիւններ ստեղծող երեւոյթ եւ չեն ընկալեր իրենց ապաշխարանքով հատուցելու անհրաժեշտութիւնը»:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, հայերը խաղաղ ժողովուրդ են, անոնք պատրաստ են իբրեւ հաւասարը հաւասարի հետ, արժանապատուութեամբ խօսելու, քննարկելու եւ համագործակցելու բոլորին, ներառեալ`  իրենց դրացիներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ անկախ ամէն բանէ, «մենք երբեք պիտի չհանդուրժենք  Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ անարգանքը անմեղ նահատակներու յիշատակին նկատմամբ»:

«Մենք պատասխանատու ժողովուրդ ենք, որ վերապրելով Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անցնելով 20-րդ դարու բազմաթիւ արհաւիրքներէն, անկախ, հպարտ եւ յաղթական մուտք գործեց 21-րդ դար: Դառնալով միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ, մենք երբեք չկուրցանք մեր վիշտէն, երբեք երես չթեքեցինք այլ ժողովուրդներու տառապանքներէն, այլ հետեւողականօրէն պնդեցինք ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ անխուսափելի պատժումին անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք երախտապարտ ժողովուրդ ենք, որ շնորհակալ է բոլոր մարդոց, որոնք պատմութեան ծանր պահուն օգնութեան ձեռք մեկնած էին` փորձելով պաշտպանել եւ օժանդակել մեզի: Մենք անոնցմէ ոչ մէկը մոռցած ենք, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախաձեռնութիւնները անոնց յիշատակը ոգեկոչելու նոր հանգրուանը պիտի ըլլան», նշեց նախագահ Սարգսեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի առաջին նիստի օրակարգային հարցերու շարքին յանձնախումբի քարտուղար, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան զեկուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման, պետական յանձնախումբի խորհրդատուական խումբ ձեւաւորելու առնչուած հարցերուն մասին: Անկէ ետք Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող շրջանային յանձնախումբերու ձեւաւորման եւ իրականացուող աշխատանքներու համադրման վերաբերեալ հարցը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յանձնախումբին ներկայացուց արտերկրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցը:

 

Share this Article
CATEGORIES