«Ռուսիա Պէտք Է Մեծ Երաշխիքներ Տայ, Որ Մտահոգուելու Պատճառ Չունենանք» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

Ազրպէյճանին 1 միլիառ տոլարի զէնք վաճառելու վերաբերեալ Ռուսիոյ որոշման մասին` Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեան 168.am-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ Ռուսիա Հայաստանի դաշնակիցն է, Ազրպէյճանի դրամները «թող օգտագործուին Հայաստանի դաշնակիցի հզօրացման համար»` աւելցնելով, որ եթէ ոչ Ռուսիան, ապա այլ պետութիւն մը զէնք պիտի վաճառէ Ազրպէյճանին: 168.am ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին հարց տուաւ, թէ արդեօք արդարացուա՞ծ է յանուն առեւտուրի Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու Ռուսիոյ քայլը, Մանոյեան յայտնեց, որ ինք չի կարծեր, թէ Ռուսիա մնացած էր այդ 1 միլիառ տոլարով հարստացման յոյսին: Ըստ անոր, Հայաստանի տեսանկիւնէն Ռուսիոյ կողմէ զէնք վաճառելը մտահոգիչ պէտք է ըլլայ, եւ միշտ ալ կարելի է ըսել, որ եթէ Ռուսիան չվաճառեր, ուրիշը պիտի ծախէր, բայց պայման չէ, որ այդպէս ըլլայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ հարցը այն է, որ Ռուսիան` իբրեւ ռազմավարական դաշնակից, կը մտնէ գործարքի մը մէջ, որ շրջանը ապակայունացնելու մեծ հաւանականութիւն ունի: Ան աւելցուց, որ որեւէ պետութիւն, որ այդպիսի զինամթերք կը վաճառէ, պարզ է, որ պէտք է հաշուի առնէ զինամթերքի գործածութեան հետեւանքները: Անոր համար ոչ բոլոր պետութիւնները պատրաստ են վաճառել: «Ռուսիա մեծ երաշխիքներ պէտք է տայ, որպէսզի մտահոգուելու պատճառներ չունենանք», յայտնեց Մանոյեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ յայտնի է, որ Ռուսիա իր այս քայլը կը նկատէ տնտեսական, «առեւտրական շահ», որուն մասին յայտարարած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա, Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ կարելի չէ ամէն ինչի մասին ըսել, որ տնտեսութիւն է: «Եթէ յանկարծ տնտեսական գործարքի պատճառով պատերազմ սկսի շրջանին մէջ, ուր Ռուսիա ստիպուած է աջակցիլ Հայաստանին, տնտեսականէն բացի, շատ աւելի վատ հետեւանքներ պիտի չունենա՞յ Ռուսիան: Ի հարկէ պիտի ունենայ»: Մանոյեան յայտնեց, որ եթէ Ռուսիան ալ ներքաշուի Հայաստան-Ազրպէյճան պատերազմին մէջ, «հաճելի» իրավիճակ պիտի չստեղծուի կողմի մը համար:

Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ մարդիկ կ՛անտեսեն Ազրպէյճան-Հայաստան, Ազրպէյճան-Ղարաբաղ հաւանական պատերազմի շրջանային վտանգները: Ան ընդգծեց, որ հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ, եւ հարցը անոր մէջ կը կայանայ, որ շրջանին մէջ անկանխատեսելիութիւնը անկայունութեան պատճառ կը դառնայ: Մանոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հրապարակային «համապատասխան» յայտարարութիւններ կատարէին այս հարցին շուրջ, որ զգօնութեան նշան ըլլար` զէնքի վաճառքը չկրկնելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES