Ըստ Մոլտաւական Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մը. Կրիկորիուն Քաղաքականապէս Ոչ Պիտանի Եւ Ոչ Արհեստավարժ Է
Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Աուրելիա Կրիկորիուի գայթակղիչ յայտարարութիւնը բացարձակապէս չի համապատասխաներ Մոլտաւիոյ դիրքորոշման: Խորհրդարանական ելոյթը քաղաքականացուած էր, ինչ որ անթոյլատրելի էր: Այդ առնչութեամբ փաստուած է պաշտօնեայի քաղաքական անպիտանիութիւնը եւ ոչ արհեստավարժութիւնը: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած է Մոլտաւիոյ խորհրդարանի մարդկային իրաւունքներու հարցերով յանձնախումբը երէկ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին:
Սակայն յանձնախումբի նախագահ Վատիմ Միշին յայտնեց, որ վերջնական որոշում տակաւին չէ տրուած:
«Կրիկորիուի ելոյթը ո՛չ խորհրդարանի եւ ո՛չ ալ ընդհանուր առմամբ Մոլտաւիոյ Հանրապետութեան դիրքորոշման հետ կապուած է: Ատիկա անոր անձնական դիրքորոշումն է», յայտարարեց Միշին:
CATEGORIES Հայկական


