«Պունտըսլիկա». 2013-2014 Տարեշրջանը Կը Սկսի 9 Օգոստոսին
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ «Պունտըսլիկա»-ի 2013-2014 տարեշրջանը պիտի սկսի 9 օգոստոսին:
Բացման մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ ախոյեան Պայէրն Միւնիխը եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը:
Ստորեւ Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Պայէրն Միւնիխ – Մէօնշընկլատպախ
Շալքէ – Համպուրկ
Պայէր Լեւերքուզըն – Ֆրայպուրկ
Հանովըր-96 – Վոլֆսպուրկ
Հոֆընհայմ – Նիւրեմպերկ
Մայնց-05 – Շթութկարթ
Օկզպուրկ – Պորուսիա Տորթմունտ
Այնթրախթ Պրաունշուեկ – Վերտըր Պրեմըն
Հերթա Պերլին – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
CATEGORIES Մարզական

