Հրայր Մկոյեան Պիտի Տեղափոխուի Գանձասար

Իր լուրը քաղելով «Ֆութպոլ +» շաբաթաթերթէն` ArmFootball.com կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեան ազատ փոխանցումով մը պիտի տեղափոխուի Գանձասար:

Վերոնշեալ շաբաթաթերթին համաձայն, Կապանեան ակումբին շարքերը պիտի համալրուին ազգային հաւաքականի մէկ այլ մարզիկով, ինչպէս նաեւ արտասահմանցի յառաջապահով մը:

Անիկա իր լուրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ 26 տարեկան Մկոյեան, որ խզեց իր պայմանագրութիւնը Չեսք Պուտեյովիցէ ակումբին հետ, կը շարունակէ ապաքինիլ` իր ստացած ծանր վնասուածքէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES