Մանչեսթըր Սիթի Կը Մտադրէ Իթթիհատի Իր Մարզադաշտին Նստարաններուն Թիւը Բարձրացնել 60 Հազարի
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Սիթի կը մտադրէ Իթթիհատի իր մարզադաշտի նստարաններուն թիւը բարձրացնել 60 հազարի:
Եթէ նստարաններուն թիւը բարձրանայ, ապա այդ դաշտը պիտի ըլլայ Անգլիոյ երրորդ մեծագոյն դաշտը: Առաջինն է Մանչեսթըր Եունայթըտի «Օլտ Թրեֆորտ»-ը (76,600), իսկ երկրորդը` Արսենալի «Էմիրէյթց»-ը (60,400):
Կը խօսուի նաեւ այլ ծրագիրի մը մասին, որ եթէ 60 հազար նստարաններու ծրագիրը չիրագործուի, իրականանայ 54 հազարի ծրագիրը:
«Մեր դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումներուն ընթացքին դժգոհութիւն կը լսենք մեր համակիրներէն, որովհետեւ տոմսակները կը ծախուին ամբողջութեամբ եւ շատեր չեն կրնար դաշտ մտնել` անոր պզտիկ ըլլալուն պատճառով: Ասկէ մեկնելով` յանգեցանք այս եզրակացութեան», ըսաւ Սիթիի մէկ պատասխանատուն` Փիթ Պրետշօ:
Նշենք, որ Սիթիի նախկին դաշտը` «Մէյն Ռոտ», Լոնտոնէն կամ Կլասքոյէն դուրս եղած է ամէնէն շատ հիւրընկալողը, երբ 1934-ին Մանչեսթըր Սիթի – Սթոք Սիթի Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքին հիւրընկալած է 84,569 համակիր:

