Քեփենեքեան` Կլենտէյլի Ոստիկանութեան Կազմին Մէջ

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց հաւաքականի եւ Հատիս Երեւանի նախկին մարզիկ Քրիստինէ Քեփենեքեան որոշած է լքել իր արհեստավարժ ասպարէզը:

Ի յայտ եկած է, որ ան ուզած է դառնալ ոստիկան: Ներկայիս ան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, կը մասնակցի դասընթացքներու եւ շուտով աշխատանքի պիտի անցնի Կլենտէյլի կազմին մէջ:

Նշենք, որ ան բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ 2010-ին Երեւանի մէջ կատարուած Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES