ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ. ԷՐՏՈՂԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ԿԸ ՃՇԴԷ

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը դիւանագիտական աղբիւրներ վկայակոչելով կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ ուրբաթ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցած է խիստ ոճի պատգամ մը, ըստ որուն, Ասատի միակ առիթը «բարեփոխութեանց ուղղութեամբ արագ եւ արմատական քայլ մը առնելն է»:

Աղբիւրները աւելցուցին, որ Էրտողան Ասատին յայտնած է. «Ես սուրիացի ժողովուրդի կացութեան ոեւէ սուրիացիի նման կարեւորութիւն կ՛ընծայեմ: Բոլորը անակնկալի մատնող արմատական քայլեր առնելու ժամանակը հասած է»` աւելցնելով, որ «Թուրքիա լուռ պիտի չմնայ սուրիացի ժողովուրդը թիրախ դարձնող յարձակումներուն նկատմամբ եւ Ասատէն պահանջած է բարեփոխութեանց ժամանակամիջոց մը ճշդել»:

Թրքական դիւանագիտական աղբիւրները նշած են, որ «աւելի դիւրին պիտի ըլլար, եթէ Ասատ բողոքի ցոյցերուն սկիզբը արմատական բարեփոխումներու քայլեր կատարէր: Ցոյցերուն սկզբնաւորութենէն աւելի քան տասը շաբաթ անցնելէն ետք, այսօր կացութիւնը աւելի դժուար դարձած է: Եթէ Ասատ յառաջիկայ մէկ կամ երկու շաբթուան ընթացքին բարեփոխութեանց գործադրութեան քայլերու չդիմէ, երկրին մէջ յարանուանական լարուածութիւնը մագլցում պիտի արձանագրէ եւ կրնայ վերածուիլ միջյարանուանական բախումի մը, որ Անգարայի մեծագոյն մտահոգութիւնն է»:

Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթի լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք թրքական անանուն աղբիւրներ վկայակոչելով կը գրէ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկսման պարագային գաղթականներու դէպի Թուրքիա հոսքը կանխարգիլելու համար թրքական բանակը կը պատրաստուի մուտք գործել Սուրիա եւ Քամըշլիէն Տէր Զօր յառաջանալով` Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ անվտանգութեան գօտի մը ստեղծել:

«Թուրքիոյ իշխանութիւնները շատ զայրացած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն, որովհետեւ ան դրժած է փողոցներէն զինուորները հեռացնելու եւ երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարելու Անգարային տուած իր խոստումը: Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական խռովութիւններուն ընթացքին թրքական իշխանութիւնները երկու պատուիրակութիւն ուղարկած են Սուրիա: Թուրքերը կը պնդեն, որ Ասատ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուին խոստացած էր Սուրիոյ փողոցներէն հեռացնել զինուորները եւ վերջ տալ բռնութիւններուն: Սակայն այդ մէկը չըրաւ, իսկ բռնութիւնները մինչեւ հիմա կը շարունակուին», կը գրէ Ֆիսք:

Իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը վերջերս հաղորդած էր, որ Ասատ վերջերս սկսած է մեծ արագութեամբ կորսնցնել աջակցութիւնը Էրտողանի, որ մինչեւ իսկ Անգարայի հրահանգած է յարմար ժամանակին խզել Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները: Նշենք, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարեց, որ Չինաստան Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներուն զօրավիգ կը կանգնի եւ կը մերժէ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտութիւնը:

Միւս կողմէ, սուրիական «Սաուրա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ սուրիական կառավարութիւնը մօտ օրէն կուսակցութեանց վերաբերող նոր օրինագիծի պատրաստման յանձնախումբ մը պիտի կազմէ: Ըստ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին, սուրիական իշխանութիւնները երկխօսութեան մեծ հանդիպում մը կազմակերպելու կարելիութիւնը կը քննարկեն, իսկ Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Հայաթ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ասատ Տարաայի «վերնախաւ»ին հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, նահանգներէն սկսող եւ մինչեւ Դամասկոս հասնող երկխօսութեան մը պիտի նախաձեռնուի:

Սուրիոյ նախագահը երէկ համաներում շնորհեց 31 մայիսէն առաջ գործուած «ոճիրներուն» համար:

Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմութիւնը երէկ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ գումարեց ժողով մը, որ Սուրիոյ քրտական կուսակցութեանց կողմէ պոյքոթի ենթարկուեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES