Քիւրտ Զինեալները Ժիհատականները Կը Վտարեն Թուրքիոյ Սահմանամերձ Ռասուլ Այնէն
Սուրիական մարդու իրաւունքներու հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալները, բուռն բախումներէ ետք, երէկ յաջողած են ժիհատական զինեալները վտարել Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ Ռասուլ Այն քաղաքէն, բացի սահմանային անցքէն:
Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները գրեթէ ամբողջութեամբ գրաւած են հիւսիսային Սուրիոյ Հասաքէ շրջանին մէջ գտնուող քաղաքը Իրաքի եւ շամի իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն եւ իսլամական խմբաւորումներու զինեալներուն հետ բուռն բախումներէ ետք:
Երկու կողմերուն միջեւ բախումները ծագած են, երբ Ժապհաթ Նուսրայէն զինեալներ յարձակում գործած են ինքնաշարժի մը վրայ, որուն մէջ երեք քիւրտ զինեալներ կային, որոնցմէ երկուքը` կիներ: Վերջիններս յաջողած են խոյս տալ, սակայն ինքնաշարժի վարորդը ձերբակալուած է:
Ըստ կեդրոնին, բախումներուն պատճառով քրտական կողմէն արձանագրուած է երկու զոհ, իսկ ժիհատականներուն կողմէ` 9:
Միւս կողմէ` թրքական ապահովական ուժեր կրակ բացին, երբ Սուրիոյ մէջ արձակուած վրիպած փամփուշտներու պատճառով թուրք քաղաքացի մը վիրաւորուեցաւ:
Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտարարեց, որ սուրիացի զինեալներ երեքշաբթի գիշեր ներթափանցած են բռնագրաւուած Կոլանի մէջ գտնուող իսրայէլեան լքուած զօրանոց մը, ապա շրջանին մէջ գտնուող իսրայէլեան շրջուն ջոկատի մը վրայ կրակ բացած են: Իսրայէլեան կողմը, որուն շարքերուն մէջ վնասներ չէ արձանագրուած, հակադարձած է:
ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Փրոսոր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց «Սուրիոյ հողերէն իսրայէլեան հողամասերուն ուղղութեամբ կրակոցներուն» դէմ բողոքագիր մը` նշելով, որ այդ կրակոցները 1974-ին ստորագրուած զինադադարին բացայայտ խախտումներ են` աւելցնելով, որ «Իսրայէլ պիտի չարտօնէ, որ իր քաղաքացիները այդ յարձակումներուն պատճառով զոհուին, եւ պիտի շարունակէ ինքզինք պաշտպանելու իր իրաւունքին վրայ պնդել»:

