Եւրոպական Մրցաշարքեր. Շիրակ – Փարթիզան Պելկրատ` 1-1. Այսօր` Զալկիրիս Վիլնիուս – Փիւնիկ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Շիրակ Գիւմրի, որ հիւրընկալեց Փարթիզան Պելկրատը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Հայրենի կազմը գտնուեցաւ քիչ մը անբախտ` նկատի ունենալով, որ հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ):
Շիրակ իր կոլը նշանակեց Բ. կիսախաղին սկիզբը (48-րդ)` շնորհիւ Դաւիթ Յակոբեանի:
Սակայն արձանագրուած այս հաւասարութիւնը ի նպաստ Շիրակի չէ` նկատի ունենալով, որ եթէ անիկա դարձի մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրէ Պելկրատի մէջ, դուրս պիտի մնայ մրցաշարքէն:
ԱՅՍՕՐ` հինգշաբթի, 18 յուլիսին, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ Փիւնիկ Երեւան հիւրը պիտի ըլլայ Զալկիրիս Վիլնիուսի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

