ՄԻՆՉ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՔԱԶԶԱՖԻ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԵՒՐՈՊԱՆ

Ըմբոստութեան դրօշակը` հետզհետէ աւելի տիրական

Մինչ մարդկային յաւելեալ ողբերգութիւններ եւ զանգուածային գաղթեր կանխարգիլելու ջանքերը կ՛աշխուժանան, Քազզաֆիին հաւատարիմ ուժերը, որոնք կը ջանան ըմբոստները հեռացնել Լիպիոյ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող ծովեզերեայ շրջանէն, երէկ քարիւղի արտահանման քաղաք մը հարուածեցին:

ՄԱԿ յայտնեց, որ աւելի քան մէկ միլիոն մարդիկ, որոնք Լիպիայէն կը գաղթեն կամ ներքին տեղահանութեան կ՛ենթարկուին, մարդասիրական օժանդակութեան կը կարօտին, իսկ ընբոստներու հակակշիռին տակ գտնուող Միսրաթայի մէջ կացութիւնը Քազզաֆիին հաւատարիմ ուժերու յարձակումներուն պատճառով մասնաւորաբար մտահոգիչ է:

Քազզաֆիի գործակիցներէն մէկը ընդդիմութեան ղեկավարութեան առաջարկեց երկխօսութիւն կատարել, ինչ որ կրնայ ցուցանիշ մը ըլլալ, թէ Քազզաֆի պատրաստ է փոխզիջումներու դիմելու: Սակայն անոր առաջարկը անմիջապէս մերժուեցաւ: Ըմբոստ ղեկավար Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլի օգնականներէն Ահմետ Ժապրիլ յայտնեց, որ «որեւէ բանակցութիւն պէտք է Քազզաֆիի հրաժարականին վրայ հիմնուած ըլլայ: Այլ փոխզիջում չի կրնար ըլլալ»:

Միւս կողմէ, Քազզաֆի Միջերկրականի հիւսիսը գտնուող եւրոպական երկիրները զգուշացուց` յայտնելով, որ եթէ ինք տապալի, «ներգաղթ պիտի ունենաք, Լիպիայէն հազարաւոր մարդիկ Եւրոպա պիտի ներխուժեն»:

«Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ Լիպիա արեւմուտքին համար Քայիտան զսպելու եւ դէպի Եւրոպա ապօրինի գաղթականներու երթը կասեցնելու համար կարեւոր գործընկեր մըն է: Քազզաֆի Ֆրանսայի կողմէ լիպիացի ըմբոստներուն կազմած Ազգային խորհուրդի ճանաչումը Լիպիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն մը նկատեց:

Ազգային խորհուրդի փոխնախագահ Ապտել Հաֆիզ Ղոքա թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները իրենց հարցուցած են, թէ որեւէ բանի կարիք ունի՞ն, եւ ողջունեց Թուրքիոյ նպաստաւոր մօտեցումը: Ան Թուրքիոյ կոչ ուղղեց ճանչնալու լիպիացի ժողովուրդին յեղափոխութիւնը եւ լիպիացիներուն զօրակցութիւն ցոյց տալու:


Share this Article
CATEGORIES
TAGS