Կռփամարտ. 2015-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը` Քաթարի Մէջ

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Քաթար իրաւունք ստացաւ 2015-ի կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու Տոհայի մէջ:

Իր լուրը քաղելով rsport.ru կայքէջէն` հայկական աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ նախորդ 17 յուլիսին Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին ժողովին Քաթար քուէարկութեամբ յաղթեց Պանքոքի:

Նշենք, որ 2013-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ալմա – Աթայի մէջ (Ղազախստան):

Share this Article
CATEGORIES