Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը

Համազգայինի ուսանողական հաւաքը, որ 13 յուլիսին սկսած էր իր գործունէութեան, տարբեր տեսակի աշխատանքներ տարաւ եւ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ 16-էն 18 յուլիսին: Հաւաքի մասնակիցները այցելեցին հետեւեալ վայրերը.

Ա) Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Թովմաս Պօղոսեանի հիմնած «Ջիւանի» դպրոցը, ուր ան անձամբ ընդունեց ուսանողներու խումբը եւ բացատրութիւններով հարստացուց հայ աշուղական արուեստի մասին ֆորումականներուն գիտելիքները: Պօղոսեան հաւաքի մասնակիցներուն ծանօթացուց խումբի նուագարանները` անոնց մասին տալով տեղեկութիւններ:

Բ) Ուսանողական հաւաքի մասնակիցներուն այցելութեան յաջորդ վայրն էր Ծաղկաձորի Հայ կաթողիկէ Տիրամայր ճամբարը, ուր անոնք անմոռանալի պահեր ապրեցան շուրջ 220 պատսպարեալ պատանիներու հետ, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 6-16 տարեկանի միջեւ: Մասնակիցները ծանօթացան պատանիներուն, երգեցին անոնց հետ եւ մասնակցեցան մարզական խաղերու, մրցեցան մօտ երկու ժամ խանդավառ եւ ընկերական մթնոլորտի մը մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

Գ) Հաւաքի մասնակիցները յարգանքով խոնարհեցան հայութեան նահատակներուն յիշատակին առջեւ, երբ այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր: Ազդուած էին բոլոր ուսանողները. անոնք յուզումով Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ զետեղեցին ծաղիկներ` ի յիշատակ զոհերուն ու միասին աղօթեցին «Հայր մեր»-ը: Նոյն յուզումը շարունակուեցաւ Եռաբլուր տրուած այցելութեամբ:

Դ) Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին նաեւ հայ պատանիին յաջող ապագայ մը ստեղծելու կարելիութիւն տուող «Թումօ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոն, ուր ներկայացուեցան կեդրոնի ծրագիրը, նպատակները եւ աշխատելաձեւը: Ապա ուսանողները հետեւեցան հոն սորվող ու աշխատանքներ կատարող պատանիներու պատրաստած յատագիրին եւ աշխատանքներուն: Հանդիպման աւարտին հաւաքի մասնակիցները դիտեցին «Թումօ»-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզներ:

Ե) Հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Աշտարակի Ս. Կարմրաւոր եկեղեցին, ուր կը գտնուի Գէորգ Էմինի շիրիմը: Յետոյ խումբը մեկնեցաւ դէպի Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր Նորա Թաշճեան զեկուցեց հայ գիրերու գիւտին մասին, շեշտելով անոր կարեւորութիւնը` իբրեւ ազգային պահպանման հիմնական կռուան: Ան թելադրեց բոլոր երիտասարդներուն եւ հայերուն գուրգուրալ մայրենիին եւ գրել հայատառ մեր առօրեայ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին:

Դասախօսութիւններու ծիրին մէջ Կարօ Յովհաննէսեան հաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուց «Ո՞վ է ղեկավարը» նիւթը: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ սահմանեց ղեկավարի տիպարը, անդրադառնալով անոր վերաբերող տարբեր տեսութիւններու, ինչպէս նաեւ բացատրեց իսկական ղեկավարի մը համար անհրաժեշտ նկարագրական կէտերն ու առանձնայատկութիւնները: Ան շեշտը դրաւ ղեկավարութեան կարեւորութեան վրայ` ըսելով, թէ գործի մը յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը հիմնուած է ղեկավարութեան վրայ: Ան նաեւ ըսաւ. «Տիտղոսները չեն, որ արժէք կու տան ղեկավարին, այլ ղեկավարն է, որ արժէք կու տայ տիտղոսներուն»:

Հաւաքի ծրագիրին մաս կազմող մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ ուսանողները ներկայ գտնուեցան Նարեկ Տուրեանի «Սե Լա Վի» կատակերգութեան, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի դահլիճին մէջ: Խումբ մը ֆորումականներ առիթ ունեցան ներկայ գտնուելու Համազգային մշակութային միութեան «Լեւոն Շանթ» թատերական մրցումի մրցանակաբաշխութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES