ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆ

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող  հինգշաբթին:

«Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Այս տօնը կ’եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան եւ աւետարանական պատմութեան շրջանը:

Համբարձման դէպքը նկարագրուած է Նոր Կտակարանին մէջ (Մարկ. ԺԶ. 19-20, Ղուկ. ԻԴ. 50-53, Գործք Ա. 9-11): Ս. Յարութեան մեծ եւ հրաշափառ դէպքէն յետոյ անցած էին քառասուն օրեր, որոնց ընթացքին յարուցեալ Տէրը խորհրդաւոր կերպով, բայց միշտ մարդկային կերպարանքով բազմիցս երեւեցաւ վշտաբեկ եւ յուսահատ իր աշակերտներուն` զանոնք վերահաստատելով իրենց առաքելական կոչման եւ հաւատքի մէջ: Յարուցեալ Քրիստոս այդ 40 օրերու ընթացքին շարունակեց քարոզել` երեւելով իր աշակերտներուն: Իր հանդիպումներու ժամանակ Ան միշտ կը խօսէր երկնքի արքայութեան մասին, կը յուսադրէր, կը քաջալերէր եւ կը մխիթարէր, որպէսզի Իր` երկինք երթալուն պատճառով չտրտմին: Տէր Յիսուս անոնց մէջ սերմանեց նաեւ համբերութիւն եւ արիութիւն. համբերութիւն` յոյսով սպասելու զԱյն` նախապէս տուած խոստումին իրագործման, եւ արիութիւն` ընդդէմ գալիք փորձութիւններու, որպէսզի կարողանան աներկիւղ քարոզել Աւետարանը:

Հին ատեն Համբարձումի տօնակատարութիւնները կը սկսէին չորեքշաբթի: Կիները այդ օրը կը կոչէին Ծաղկամօր կիրակի: Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, քրիստոնեայ Վարվառ կոյսն է, որ կռապաշտ հօրմէն փախուստ տալով կ՛ապաստանի Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը կը հետապնդէ աղջիկը, զայն կը գտնէ քարանձաւին մէջ եւ կը սպաննէ: Մահանալէն առաջ աղջիկը կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ծաղիկի եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները բժշկուին. այդպէս ալ կ՛ըլլայ, եւ այդ քարանձաւը կը դառնայ ուխտատեղի: Քարանձաւի պատերէն մնայուն կերպով ջուր կը հոսի. ժողովուրդը կը հաւատայ, որ անոնք Վարվառէ կոյսին արցունքներն են:

Համբարձումին նաեւ կը կատարուի վիճակահանութիւն եւ ծաղկահաւաք: Ջուրով լեցուն կուժի կամ ամանի մէջ կը տեղադրուին ծաղիկներ եւ ներկայ աղջիկներուն պատկանող իրեր: Դեռատի աղջիկ մը ճերմակ զգեստ կը հանգնի, կը վերցնէ կուժը եւ կը շրջի տան մէջ. կուժէն դուրս բերուած առաջին առարկային տիրոջ մօտալուտ ամուսնութիւնը կը նախատեսուի: Ապա իւրաքանչիւր իրի հետ կ՛ընտրուի վիճակահանութեան տոմս մը, ուր գրուած խրատը կամ նախատեսութիւնը ուղղուած կ՛ըլլայ առարկային տիրոջ:

 

ՏՆԱՅԻՆ ՔՈՔԹԷՅԼՆԵՐՈՒ
12 ՈՍԿԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Դպրոցէն կամ համալսարանէն վկայուիլը ուրախ առիթներ են` հարազատներու եւ բարեկամներու հետ հաւաքուելու եւ տօնելու համար: Իսկ բոլորս ալ կը գտնուինք նման առիթներու սեմին: Ահա թէ ինչո՛ւ կարելի է խուսափիլ գլխապտոյտ պատճառող ծախսերէ եւ տան մէջ կազմակերպել կոկիկ քոքթէյլ մը` աւելի ջերմ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ:

Երբ հրաւիրեալներուն թիւը 15-ը կ՛անցնի, թելադրելի է ոտքի քոքթէյլի մը մասին մտածել: Այս պարագային հրաւիրեալները իրենց տեղերը անցնելով` ուտել:

Նման քոքթէյլ մը պատրաստելու պարագային կ՛արժէ նկատի ունենալ հետեւեալ կանոնները:

1
Կարեւոր է, որ սեղանը չդրուի սենեակին կեդրոնը, բայց նաեւ չդրուի պատին մօտ: Հիւրերը սեղանին պէտք է մօտենան չորս կողմէն, առանց զիրար խանգարելու:

2
Սեղանին վրայ պէտք է դրուին այնպիսի ուտելիքներ, զորս վերցնելու համար դանակի կարիք չըլլայ:

3
Սեղանը պէտք է ծածկել մեծ սփռոցով մը, որուն գոյնի ընտրութիւնը կը կատարէ տանտիրուհին` ըստ իր ճաշակին: Ընդհանրապէս կը թելադրուի օգտագործել ճերմակ կամ չէզոք գոյնի սփռոցներ, որոնք բոլոր տեսակի սպասներուն կը յարմարին:

4
Կարեւոր է սեղանին դրուած սպասներուն  եւ ուտելիքներուն ճիշդ դասաւորումը: Սեղանի երկու կողմերուն կը դրուին ափսէները, պատառաքաղները, բաժակներն ու անհատական, թուղթէ անձեռոցիկները: Յետոյ, սեղանի կեդրոնէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ, երկու կողմերուն կը դրուին աղանդերներու ափսէները, տաք ուտեստները, աղցանները, միրգերը…

Կայ երկրորդ տարբերակ մը. սեղանի մը վրայ կը շարուին ուտելիքները, երկրորդին վրայ` պնակները, պատառաքաղները, երրորդին վրայ` խմիչքներն ու բաժակները:

5
Սեղանը պատրաստելու ժամանակ կրկնակի թիւով պնակեղէն նախատեսել, որպէսզի քոքթէյլի ընթացքին տանտիկինը չստիպուի հիւրերը առանձին ձգելու եւ երթալ` պնակները լուալու:

Տեղին է յիշեցնել, թէ ամաններն ու ափսէները պէտք է ըլլան ճերմակ, առանց աւելորդ զարդարանքի: Սեղանի գոյները պիտի ապահովեն աղցանները, աղանդերները, պտուղներն ու բանջարեղէնները:

6
Հիւրասիրութիւնը գեղեցիկ եւ գործնական կը դառնայ, եթէ ուտելիքներուն մէկ կարեւոր մասը շարուին երկյարկ կամ եռայարկ պատուանդաններու վրայ:

7
Տանտիկինը պէտք է անընդհատ հետեւի դատարկուող ափսէներուն եւ ժամանակ առ ժամանակ վերանորոգէ զանոնք:

8
Խմիչքներու ընտրութիւնը շատ կարեւոր է: Քոքթէյլի սեղանին հիմնական խմիչքներն են շամփանիան, պտուղի հիւթերը, ճերմակ ու կարմիր գինիները եւ հանքային  ջուրերը:

9
Սենեակին մէջ նախատեսել պզտիկ սեղան մը եւ քանի մը աթոռ, բոլոր այն հրաւիրեալներուն, որոնք չեն սիրեր ոտքի ուտել:

10
Լաւ կ՛ըլլայ, որ պտուղները մատուցուին բազմայարկ ափսէներով կամ զամբիւղներով:

11
Կ՛արժէ մտածել երեկոյի երաժշտութեան մասին: Ընտրել մեղմ երաժշտութիւն մը, որպէսզի չխանգարէ զրոյցները:

12
Մտածել նաեւ երեկոյի յայտագիրին մասին, որպէսզի իւրաքանչիւր հիւրի համար այդ օրը յիշարժան դառնայ:

 

ԾՈՎԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Օգտուեցէ՛ք ջուրի եւ արեւու բարիքներէն, բայց ի մտի ունեցէք նաեւ վտանգները:

Արեւը արեան շրջանառութեան եւ շնչառական փոխանակութեանց վրայ մեծապէս ազդելով` մեր օրկանիզմին վրայ բարերար ազդեցութիւն կը գործէ: Ան օրկանական մեծ պաշտօնները յառաջ կը մղէ եւ կը զօրացնէ: Ասկէ զատ, արեւու անդրմանիշակագոյն ճառագայթները մորթին մէջ գտնուած էրկոթերոլը Տէ. կենսանիւթի կը վերածեն, կիրի եւ ֆոսֆորի իւրացումը կը դիւրացնեն, ինչ որ մանուկներու մօտ մանաւանդ ոսկրացման (օսիֆիքասիոն) համար շատ անհրաժեշտ է:

Բայց արեւու բարիքներէն ամէնէն փնտռուածը մորթի  թխացումն ու արեւակէզ գոյն ստանալու հետապնդումն է:

Այսուհանդերձ, ջուրի եւ արեւու այս միացեալ բարիքներէն կրնան պատահիլ նաեւ զանազան խանգարումներ եւ դէպքեր, թէեւ յաճախ թեթեւ, բայց երբեմն ալ` ծանր թուենք.-

  • ՏԱՊԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆ (քու տը շալէօր) տեղի կ՛ունենայ, երբ օդը տաք է եւ խոնաւ, հով չկայ ու երկինքը ամպոտ. երեխաները հակամէտ են ասոր:
  • ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ պայմաններու պակասը եւ տաք կլիման յառաջ կը բերեն սուր ստամոքսաղետապեր:

Ծովերու ապականումը մտահոգիչ խնդիր մըն է, որ ամէն տարի հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ: Ասիկա հետեւանքն է նաեւ ծովուն բաժին ինկող ճարտարարուեստական թափօններուն, կոյուղիներու ջուրերուն եւ գործարաններու ծուխերուն հովի ճամբով ծովեզր գտնուող մարդոց վրայ թափուելուն: Այս բոլորը ապականման նպաստելով` ծովը հիւանդութեանց աղբիւր կը դարձնեն:

ԽՈՀԵՄՕՐԷՆ ԵՒ ԱՍՏԻՃԱՆԱԲԱՐ…

Արեւու լոգանքը եւ զօրաւոր թեւացման փափաքը կրնան դէպքերու ծնունդ տալ: Աստիճանաբար արեւու ենթարկուելուն զանցառումը կարգ մը անձերու մօտ կրնայ յառաջ բերել նոյնիսկ տաքութիւն, ընդհանուր անհանգստութիւն եւ այրուածքներ: Ուրիշներ, փոխանակ թխանալու, կը յանգին տեւական կարմրութեան մը. արեւու չափազանցութիւնը մորթի ծերացման պատճառ մըն է. մորթը կը դառնայ չոր, խորտուբորտ, ծալքաւոր, կէտկիտուած եւ տեղ-տեղ ալ` լայներակներով (վարիքոզիթէ)  ցցուած: Կարելի է մինչեւ իսկ մորթի քաղցկեղի դուռ բանալ:

Արեւու ազդեցութիւնը կրնայ աւելի մեծ ըլլալ ներքին կամ արտաքին պատճառներէ ծնունդ առնող լուսազգայնութենէ մը, (ֆոթոսանսիպիլիթէ):

Շրթունքի ներկերը, շպարները, անուշահոտերը կրնան գունանիւթաւորումներ (փիկմանթասիոն) պատճառել:

Այս զգայնութիւնը կը նշմարուի նաեւ մազի ներկերով, փոշի սիւլֆամիտներով եւ նոյնիսկ դարմանական նպատակներով գործածուած սպեղանիներով. շատ մը դեղեր կրնան ներքին զգայնացնողներ (սանսիպիլիզաթէօր) ըլլալ: Օրինակ` մանրէասպանները, սիւլֆամիտները, անթիսթամինները, հանգստացուցիչները եւ տեղական զգայազրկիչները: Վերջապէս, ախտաբանական շատ մը հակազդեցութիւններ կրնան լոյսի հետեւանքը ըլլալ – էքզեմա, քերուըտուք եւ արեւային մազաքոր (փրիւրկօ սոլէր):

ԾՈՎՈՒ ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐ

Ծովուն մէջ շատ մը մարզանքներ կարելի է ընել, օրինակ` լող, ձկնորսութիւն, ընդծովեայ սուզումներ եւ այլն… ասոնք լողացողին մարմինը երբեմն ծովային թունաւոր բոյսերու եւ անասուններու հետ շփման մէջ կրնան դնել:

Երբեմն յանկարծակի արկած մը խեդուելու պատճառ կրնայ դառնալ ջրահարութեան (ինթրոքիւսիոն) պարագան է այս:

Մարմնի տաքութենէն տարբեր տաքութիւն ունեցող ջուրին մէջ յանկարծակի նետուիլը ոմանց մօտ ջրամեքենական ցունց յառաջ բերելով` պատճառ կը դառնայ ուշքի կորուստի եւ տեսակաւոր բարդութիւններու:

Ջրահարութեան պատճառները զանազան են, բայց ամէնէն յաճախակիներէն մէկը ցուրտի հանդէպ տարազգայնութիւնն է: Ասիկա շատ անգամ կը յայտնուի ահազանգի նշաններով, օրինակ` եղճեռքային եռումը (էրիւփսիոն իւրթիքարիէն): Այս զգայնութիւնը ներկայացնողները պաղ ջուրի մէջ շատ զգուշութեամբ պէտք է վարուին:

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

  • Աստիճանաբար պարզուիլ արեւու ճառագայթներուն, սկիզբը` հազիւ մէկ-երկու ժամ:
  • Հրաժարիլ արեւու լոգանքներէն` ժամը 11 – 3:
  • Մորթը պաշտպանել յատուկ սերերով:
  • Գլուխը պաշտպանել գլխարկով, աչքերը` լաւորակ ակնոցներով:
  • Առատ ջուր խմել:
  • Արեւու լոգանքի ընթացքին հրաժարիլ շպարէ եւ անուշահոտէ:
  • Հրաժարիլ ճարտարարուեստական գօտիներու մօտ ծովու լոգանք առնելէ:
  • Ընտրել այն ծովայինները, ուր առողջապահական պայմանները կը յարգուին, աչալուրջ հսկողութիւն կայ եւ հարկ եղած սարքածներով օժտուած ազատարար մարդիկ կան:

Հետեւաբար գիտցէք լաւագոյնս օգտուիլ ծովու եւ արեւու բարիքներէն` միշտ ի մտի ունենալով նաեւ վտանգները:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ՄԱԿՈՅԿ-ԴԴՈՒՄՆԵՐ

Բաղադրութիւն 6 անձի համար

8 կտոր քիրի պանիր
500 կրամ դդում
3 սմբուկ
4 պզտիկ լոլիկ
3 պզտիկ սոխ
1 թէյի դգալ օրեկանօ
աղ, սեւ փոշի պղպեղ
3 ապուրի դգալ ձէթ

Պատրաստութիւն

Բանջարեղէնները մանր, խորանարդաձեւ կտրտել եւ տաք ձէթին մէջ դարձնել, մինչեւ որ կակուղնան, աւելցնել քիրիները եւ բոլորը միատեղ եփել 10 վայրկեան:

Երկայնքին կիսուած եւ միջուկը պարպուած (կէս խաշ) դդումները լեցնել վերոյիշեալ խառնուրդով եւ փուռին մէջ եփել շուրջ 15 վայրկեան:

Հրամցնել տաք վիճակով, մսեղէնի մը կողքին:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԵԱՅԼԱ

Համբարձում եկաւ, ծաղկունքը ալուան,
Զուգել են հանդեր նախշուն գորգերով.
Փունջ-փունջ աղջիկներ սարերը ելան,
Վիճակ հանելու, աշխոյժ երգերով:

Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:

Երգ ու բոյր խառնած,
Թեւ թեւի տուած,
Զուգում են լեռներ,
Ծաղիկ են քաղում,
Ծաղկի հետ խաղում
Ինչպէս թիթեռներ:

Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES