Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շարունակեցէք ձեր ծրագրած աշխատանքները` առանց նկատի ունենալու կողմնակի աննշան արգելքները: Միացէք ձեզ գնահատողներուն, ուրախացէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կասկածը հեռացուցէք ձեր միտքէն, դրական գործունէութիւն կրնաք ունենալ, երբ ձեր միտքը բարի մտածումներ ունի: Պարզ տրամադրութիւն արտայայտեցէք, որպէսզի պարտուին խորամանկները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ տեսնէք, թէ ձեր աշխատանքին արդիւնքները այնքան ալ քաջալերական չեն, մի՛ յուսահատիք, որպէսզի նորութիւններ ստեղծելու ձեր ջանքերը զարգացում արձանագրեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անակնկալ շահ մը պիտի աշխուժացնէ ձեզ, ինչ որ կը վերաբերի ձեր ասպարէզին: Գալիք օրերը ունին յաւելեալ աշխատանքներ, որոնցմով պիտի կարենաք ուշադրութիւնը գրաւել ձեր շրջապատին: Օրերը գեղեցիկ են:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հեռու մնացէք շատախօսներէ, որոնք հաճելի բառերով կ՛ուզեն ուրախացնել ձեզ, բայց խորքին մէջ տարբեր միտքով կը չարախօսեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այլեւս մի՛ մտածէք այն հարցին մասին, զոր աւարտած էք շնորհիւ ձեր աշխատասիրութեան եւ դրական միտքերով: Պիտի ստանաք շնորհաւորական խօսքեր` դէպի նոր յառաջդիմութեան ճանապարհին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միշտ ի մտի ունեցէք այն իմաստուն խօսքը, որ կը թելադրէ` «Ինչ որ կ՛ուզես, որ ուրիշը ընէ քեզի, դուն նոյնը ըրէ ուրիշին»:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կեանքին եղանակները կը փոխուին ըստ կլիմայի: Եթէ ունենաք նորութիւն մը, մի՛ զարմանաք: Ձեր մտածումները ըլլան դրական եւ ոչ ժխտական: Պիտի դիմաւորէք անձեր, որոնց ներկայութիւնը պիտի զօրացնէ ձեզ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դէպի նոր ծրագիրներ ձեր մտադրութիւնը եթէ ուշանայ իրագործման ճամբուն վրայ, շարունակեցէք հետապնդել: Յուսահատիլը յանցանք է այս պարագային: Եղէք ինքնավստահ, օգտագործեցէք ձեր կարողութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք նախանձողներու, արհամարհանք արտայայտողներուն: Մնացէք այնպէս, ինչպէս որ էք, առանց ստորակայութեան բարդոյթի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նորութիւններ դիմագրաւելու ընթացքի մէջ էք: Այս փորձառութիւնը ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի անկոխ ուղիներ, դէպի նորագոյն նախաձեռնութիւն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանկավարժական ձեր շնորհները ի գործ դրէք ձեզի յանձնուած երեխաները դաստիարակելու: Նոյնպէս, եթէ ծնողք էք, ուշադրութեամբ հետեւեցէք ձեր մանկահասակ զաւակներուն շարժումներուն:

