ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԻՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԻՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՍԿՍԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երէկ` երկուշաբթի, 7 մարտ 2011-ին, հայ եկեղեցւոյ ծիսական հարցերու յանձնախումբը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իր երկրորդ հանդիպումը սկսաւ Անթիլիասի մէջ:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբի անդամներն են Միքայէլ եպս. Աջապահեան, Արշակ եպս. Խաչատրեան եւ  Վահան Ծ. վրդ. Յովհաննէսեան: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Կոմիտաս արք. Օհանեան, Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:

Ս. Էջմիածինի մէջ անցնող տարուան օգոստոս ամսուն գումարած իր անդրանիկ ժողովով, սոյն յանձնախումբը սկսած էր քննարկել հայ եկեղեցւոյ սուրբ մկրտութեան խորհուրդին առնչուող հարցեր: Շարունակելով  աշխատանքները` ներկայ հանդիպման ընթացքին յանձնախումբը սկսաւ հանգամանօրէն քննարկել հրատարակուած ծիսարաններու բնագիրները` բաղդատութեամբ հնագոյն ձեռագիրներու` միաձեւ բնագիրի պատրաստութեան համար:

Ծիսական յանձնախումբի հանդիպումը յառաջիկայ երեք օրերուն վրայ պիտի տարածուի` նիւթ ունենալով նաեւ սուրբ մկրտութեան խորհուրդի արարողութեան հետ առնչուող կանոնական, խրատական, ուսուցողական եւ բարեպաշտական այլ հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS