ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.ՀԻԹ – ՄԱՎԸՐԻՔՍ` 1 – 0

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին, Ֆլորիտայի մէջ իրարու դէմ ճակատեցան Մայեմի Հիթ եւ Տալաս Մավըրիքս:

Լեպրըն Ճէյմզի կազմը` Հիթ, յաջողեցաւ 1 – 0 արդիւնքով յառաջանալ, 92-84 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Ան նշանակեց 24 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ: Անոր խմբակից Տուայն Ուէյտ նշանակեց 22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ:

Մավըրիքսի մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 27 կէտ:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 3 յունիսին` Մայեմիի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES