ՖԻՖԱ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՑԻ ՍԵՓ ՊԼԵԹԸՐ ՉՈՐՐՈՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ

Սեփ Պլեթըր

Երէկ, 1 յունիսին, ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:

75 տարեկան զուիցերիացի Սեփ Պլեթըր, որ 1998-ին առաջին անգամ ընտրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ, չորրորդ նստաշրջանի մը համար ընտրուեցաւ նախագահ` ապահովելէ ետք 203 ձայներուն 186-ը:

Նշենք, որ ան այդ պաշտօնին համար միակ թեկնածուն էր` նկատի ունենալով, որ ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ քաթարցի Մոհամետ Պըն Համմամ (Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը) իր առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչած էր:

Նախագահ վերընտրուելէն ետք Պլեթըր լրագրողներուն հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք իմ անձիս նկատմամբ վստահութիւն ցուցաբերեցին: Մենք դարձեալ միասին պիտի ըլլանք յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին: Ես այսօր երջանիկ եմ, որ ՖԻՖԱ-ն անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու իր միասնութիւնը: Մենք միասնաբար միշտ առաջ պէտք է շարժինք եւ մեր նաւը դնենք պայծառ ուղիի վրայ: Վերընտրուիլս ինծի համար նոր մարտահրաւէր մըն է, զոր շատ մեծ սիրով կ՛ընդունիմ»:

Share this Article
CATEGORIES