Հայրենի Կեանք

«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը Աջակցած Է
«
Այբ» Աւագ Դպրոցին

Վերջերս «Այբ» աւագ դպրոցին մէջ կայացած է մարդամեքենայի (ռոպոթ) շինութեան գիտաշխատանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հանդիսութեան մասնակցած են` «Այբ» դպրոցի ղեկավարութիւնը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, մարդամեքենայի շինութեան վարպետ` ուսուցիչ Վազգէն Գաբրիէլեանը եւ մարդամեքենաներ ուսումնասիրող աշակերտները: Գիտաշխատանոցը ստեղծուած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հովանաւորութեամբ: Այդ նպատակով ընկերութիւնը յատկացուցած է աւելի քան 14 միլիոն դրամ:

Նկատի առնելով թեքնիք գիտութիւններու ոլորտին մէջ հայերու հիմնարար գիտելիքները եւ ընդունակութիւնները, ինչպէս նաեւ առաջնորդուելով Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու վրայ հիմնուած տնտեսութիւն զարգացնելու տեսլականով` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը հետեւողականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու, մասնաւորապէս` ռոպոթիքսի զարգացման աշխատանքներուն: Ընկերութիւնը համոզուած է, որ կայուն ապագայի հիմքը զարգացած կրթական համակարգն է եւ երիտասարդութեան շրջանին ռոպոթիքսի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, առաջին հերթին, պէտք է սերմանել դպրոցական տարիքէն:

«Մենք ունինք հզօր մտաւոր ներուժ` ի դէմս աւագ սերունդի մեր գիտնականներուն, երկրաչափներուն եւ առաջին հերթին` մեր խոստմնալից փոքրիկներուն, որովհետեւ անոնք են մեր երկրին ապագան կերտողները: Ինչպիսի երիտասարդներ ունինք այսօր, այդպիսին պիտի ըլլայ մեր ապագան: Հետեւաբար Հայաստանի ապագայ տնտեսութեան ամուր հիմքերը պէտք է նետել այսօր` մեծցնելով մտածող, ստեղծագործող, ուժեղ, պատուախնդիր եւ հայրենասէր սերունդ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր «Այբ» կրթական հիմնադրամը հիմնած է արդիական ուսումնական գիտաշխատանոցներ Երեւանի եւ մարզերու դպրոցներուն մէջ: «Այբ»-ը ո՛չ միայն նախագծին մէջ կը հիմնէ առարկայական մոտելային   գիտաշխատանոցներ, այլեւ կը մշակէ դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը:

Բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան առաջին «Այբ գիտաշխատանոց»-ները գործարկուած են Երեւանի Ա. Շահինեանի անուան բնագիտա-ուսողութեան յատուկ դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ «Այբ լաբ»-ը բացուած է Բերդաքաղաքին մէջ: Տարածաշրջանին մէջ նմանը չունեցող շրջակայ միջավայրի երկու «Այբ լաբ»-երը ստեղծուած են Քաջարանի երկու դպրոցներուն մէջ, բնագիտութեան, քիմիագիտութեան եւ կենսաբանութեան «Այբ լաբ»-եր` Վաղարշապատի թիւ 4 դպրոցին մէջ: Ընթացքի մեջ են նոր «Այբ լաբ»-երուն նախագծումը եւ շահագործումը մայրաքաղաքի եւ մարզերու այլ դպրոցներուն մէջ:

Ուսումնական արդիական գիտաշխատանոցները կը նախագծուին եւ կը ստեղծուին «Այբ» կրթական հիմնադրամին կողմէ: Այստեղ նկատի կ’առնուին արդի սարքաւորումներով դպրոցական գիտաշխատանոցներ ստեղծելու անհրաժեշտ պահանջները,  տարածքի ընտրութիւնը, կահաւորումը, ինչպէս նաեւ` վերապատրաստման, անվտանգութեան եւ կառավարման համակարգերը: «Այբ լաբ» ցանցը կ’ապահովէ փորձի փոխանակում, միջոցներու միացեալ օգտագործում (գրադարան, տեսադարան), կառավարման ընդհանուր արհեստագիտութիւններու կիրարկում, միացեալ գնումներ եւ այլն:

«Այբ լաբ»-երը նկատի կ’առնեն տեղական եւ միջազգային փորձերը, կը համապատասխանեն վերջին արհեստագիտական պահանջներուն, կը բաւարարեն անվտանգութեան չափանիշները, կ’ընծայեն իրական եւ անհատական փորձեր կայացնելու կարելիութիւնը, կ’ապահովեն ո՛չ միայն դպրոցական, այլեւ խորացուած ծրագիրներով ուսուցումը, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն ուսումնական գործընթացը հետաքրքրական եւ գրաւիչ դարձնելու:

Գերմանիոյ Իշխանութիւնը 30,000 Եւրոյի
Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ Սուրիահայերուն

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը 19 յուլիսին սուրիահայութեան վերաբերող հարցերն ու անոնց օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնները երկու անջատ հանդիպումներով քննարկած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մորելի եւ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոյի հետ:

Նախարար Յակոբեան դեսպաններուն ներկայացուցած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայութեան ընկերային, կրթական, առողջապահական, կեցութեան կարգավիճակին վերաբերող հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները: Նախարարը անդրադարձած է նաեւ սուրիահայերուն համար հրատապ լուծում պահանջող աշխատանքի ապահովման եւ բնակարանաշինութեան խնդիրներուն: Ան նաեւ խօսած է Աշտարակ քաղաքին մէջ կառուցուելիք «Նոր Հալէպ» թաղամասին մասին` դիտել տալով, որ Եւրոպական միութեան երկիրներէն կ՛ակնկալուի օժանդակել սուրիահայութեան` Սուրիոյ գաղթականներուն տրամադրուած օգնութեան տարբեր ծրագիրներու ծիրին մէջ:

Գերմանիոյ դեսպանին հետ հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատելով հայկական Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը Գերմանիոյ հասարակական, մշակութային կեանքին եւ այլ ոլորտներուն մէջ, կողմերը համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւն յայտնած են: Դեսպանը իր կարգին մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ անդրադառնալով սուրիահայերուն աջակցութեան հարցին` նշած է, որ գերմանական իշխանութիւնը «Առաքելութիւն Հայաստան» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան միջոցով սուրիահայերուն 20,000 եւրոյի օգնութիւն տրամադրած են: Յառաջիկային կը նախատեսուի 30,000 եւրոյի օգնութիւն եւս տրամադրել:

Դեսպան Հանրի Ռենոյի հետ հանդիպումին ընթացքին նախարար Յակոբեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերուն 80 տոկոսը կը բնակի վարձով եւ անոնք բնակարան ունենալու հարց ունին:

Դեսպանը իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Ֆրանսա երկար ատենէ կը փորձէ լուծում գտնել Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանի քրիստոնեաներուն: Այս իմաստով մեր ցուցաբերած օժանդակութիւնը կրկնակի է` ե՛ւ որպէս Եւրոմիութեան անդամ երկիր, ե՛ւ որպէս Ֆրանսայի Հանրապետութիւն, յայտնած է ան: Սուրիացի գաղթականներուն համար մենք 700 միլիոն եւրոյի օգնութիւն տրամադրած ենք: Հասկնալով ձեր դիմաց ծառացած խնդիրները` ես անմիջապէս իմ ղեկավար մարմիններուս պիտի փոխանցեմ ձեր խնդրանքն ու առաջարկները, որոնք, կը կարծեմ, պիտի ունենան արձագանգ եւ պիտի ստանան աջակցութիւն:

Սուրիահայերուն կարիքները ճիշդ գնահատելու եւ սուրիահայերուն տրամադրուող օգնութիւնը արդիւնաւէտ կերպով համադրելու նպատակով համաձայնութիւն կայացած է գործակցիլ «Սուրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»-ին հետ:

Գաֆէսճեան Արուեստի Կեդրոնին Մէջ`
Տիգրան Մանսուրեանի Հեղինակային Երեկոն

Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին յատուկ նախաձեռնութիւններու սրահին մէջ Թալալեան եղբայրներու անուան միջազգային տարեկան 4-րդ փառատօնի ծիրին մէջ յուլիսի 17-ին կայացած է Տիգրան Մանսուրեանի հեղինակային երեկոն: Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ երաժշտահանը: Համերգին ընթացքին հնչած են երաժշտահանին ստեղծագործութիւնները` Իրինա Չաքեանի, Եանա Դարեանի, Նելլի Մանուկեանի, Չուլիետա Վարդանեանի, Գերմանիայէն Յովհաննէս Մոկացեանի, Արամ Թալալեանի կատարմամբ:

Տիգրան Մանսուրեանը հեղինակ է նուագախմբային, սենեկային, երգչախմբային եւ վոկալ գործերու, որոնք կատարուած են ամբողջ աշխարհի մէջ:

Մանսուրեանին ստեղծագործութիւնները հայկական երաժշտարուեստի եւ ժողովրդական աւանդութիւններու հետաքրքրական խառնուրդ են` իրենց լուսապայծառ, արտայայտիչ մեղեդիներով եւ տպաւորապաշտ, բարձրաճաշակ ու ընտիր հնչերանգներով: 1947 թ.էն Տիգրան Մանսուրեան կ՛ապրի Հայաստան:

Գուրգէն Խանջեան Արժանացած Է
Համազգայինի Մրցանակի

Թատրերգութիւն-թատրոն կապը ամրապնդելու, ժամանակակից հայ թատրերգութիւնը խթանելու, նաեւ այս բնագաւառին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ բացայայտելու նպատակով, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ամփոփած է տարեսկիզբին յայտարարած մրցումին արդիւնքները:

Մրցումին մասնակցած են հեղինակներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն: Առանց նախապէս գիտնալու, թէ որո՛նք են հեղինակները, «Լեւոն Շանթ» թատրերգութեան մրցումի դատական կազմը մէկ առ մէկ կարդացած է ներկայացուած 51 ներկայացումները ու հաճելիօրէն բացայայտած, որ թատերագիրները կ՛ապրին մեր երկրի ցաւով:

Մեր ժամանակներու հերոսը դատական կազմը գտած է Գուրգէն Խանջեանի «Արտաւազդ-շիդար» ողբերգութեան մէջ, որ յաղթող նկատուած է: Լաւագոյն 12 թատրերգութիւնները պիտի հրատարակուին առանձին ժողովածուով, իսկ առաջին հանդիսացողը պիտի բեմադրուի Համազգայինի աջակցութեամբ:

Թէ՛ խրախուսական, թէ՛ առաջին երեք դիրքերը գրաւած հեղինակները արժանացած են նիւթական պարգեւներու` 200 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն դրամ:

«Այդ 51 թատրերգութիւններ, որ կարդացել ենք, հիմնական թեման, որ շատ ծանր էր, եւ որի հանդէպ անտարբեր չեն եղել, արտագաղթն է եւ արցախեան հերոսամարտի հերոսը, նրա փնտռտուքը, պատերազմի յաղթանակն այսօրուայ ամէնօրեայ յաղթանակը դարձնելու տառապանքը, եւ այդ ցաւը կար թատրերգութեան մէջ», դիտել տուած է Լիլիթ Գալստեանը:

«Հերոսն Արտաշէս արքայի որդին է, որը սիրոյ պակասից երկրի կառավարումն այն հունով չէր տանում, բայց ի հարկէ փորձել եմ զուգահեռներ տանել: Մարդը մնում է մարդ, հազարամեակներ անցնում են, բայց իր իշխանական ձգտումով ու կամքով մնում է այնպէս, ինչպէս կայ: Ինչքան էլ արհեստագիտութիւնները զարգանան, ներսից ինքը բնազդների եւ ենթագիտակցութեան տէր մարդ է, որից դժուար է դուրս գալ յաղթանակով», յայտնած է Գուրգէն Խանջեանը:

Հայաստանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի
Համալսարանական
Ամբողջական Հանրագիտարան

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան տնտեսութեան նախարարին յանձնարարած է քննարկել «Ռիքիփետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութիւնը տարածքով ապահովելու եւ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը: Այս մասին յայտնած է վարչապետը` «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու զարգացման աջակցող խորհուրդ»-ի նիստին ընթացքին:

Նիստին ընթացքին ներկայացուած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ մշակուած տեղեկատուական արհեստագիտութեան նոր ռազմավարութիւնը, որ արժանացած է խորհուրդի համաձայնութեան: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ելեկտրոնային առեւտուրի ատեն հարկային եւ մաքսային ոլորտին մէջ, երիտասարդ մասնագէտները Գերմանիա գործուղելու ժամկէտներու հարցին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ այլն: Վարչապետը յանձնարարած է վերջինին առնչուած հարցը ներառել հայ-գերմանական միջկառավարական յանձնաժողովի օրակարգին վրայ` զայն քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու համար:

Օրակարգի վերջին բաժինով առաջարկուած է ստեղծել համալսարանական ամբողջական հանրագիտարան. բան մը, որ արժանացած է վարչապետին համաձայնութեան: Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է համապատասխան նախարարութիւններուն` լրացուցիչ քննարկում կատարել, առաջարկ ներկայացնել եւ կրկին տալ համապատասխան եզրակացութիւն:

«Չինաստանը Հայերու Աչքերով»
Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յուլիս 1-ին Երեւանի մէջ` Նկարիչներու միութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է «Չինաստանը հայերու աչքերով» գիրքին շնորհահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Խաղաղութեան կոմիտէին կողմէ: Գիրքը կը պատմէ Չինաստանի մասին, որոշ հայ յայտնի հասարակական եւ պետական գործիչներու անձնական փորձառութեան եւ տպաւորութիւններուն մասին: Ռուսիոյ մէջ Չինաստանի նախկին դեսպան, Միջազգային հետազօտութիւններու չինական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Լիւ Կուչան յայտնած է, որ գիրքը եզակի պատուհան է, որուն միջոցով կը դիւրանայ Չինաստանին ծանօթանալը:

«Հայաստանը Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու երկարատեւ պատմութիւն ունի. բացի ատկէ, մենք շատ ընդհանրութիւններ ունինք: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը ո՛չ միայն պիտի նպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան եւ զարգացման, այլ նաեւ շատ կարեւորութիւն ունի Չինաստանի համար», յայտնած է դեսպանը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանը այս առիթով ըսած է. «Համոզուած եմ, որ այս ձեռնարկը իր ներդրումը կ՛ունենայ հայ-չինական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ»:

Հանդիսութեան ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Տեան Չանչունը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի կառավարութեան քանի մը անդամներ: Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 21-ամեակին առիթով:

Աւելի ուշ չինական պատուիրակութիւնը, Լիւ Կուչանի գլխաւորութեամբ, հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Մանասերեանին հետ. անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները:

Արցախի Մէջ Զբօսաշրջիկներուն Թիւը
50
Տոկոսով Աւելցած Է

Զբօսաշրջութիւնը Արցախի մէջ տարիէ տարի կ՛աշխուժանայ: Այս կարծիքը արտայայտած է Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներու, ծրագիրներու եւ վերահսկողութեան բաժնի պետ Սերգէյ Սարգսեանը. «Անցեալ տարուան առաջին եռամսեակին հետ բաղդատելով` այս տարի ունինք զբօսաշրջիկներու 31,3 տոկոս աճ, եթէ մինչեւ 2004-2005 մեր զբօսաշրջիկները հիմնականը Հայաստանէն էին եւ սփիւռքահայեր, ապա հիմա Արցախի մէջ շատ յաճախ կարելի է տեսնել թէ՛ զուտ ասիական արտաքինով զբօսաշրջիկներ, թէ՛ ամերիկացիներ, թէ՛ հանրապետութիւններէն անձեր»:

Սերգէյ Սարգսեանին համաձայն, վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ զբօսաշրջութեան առումով Արցախի հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն հիմնականօրէն Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Իրան եւ Ֆրանսա, նոր են ափրիկեան որոշ պետութիւններ:

Նախորդ տարիներուն զբօսաշրջիկները Արցախ կը մնային հիմնականին մէջ երկու օր, այժմ պատկերը փոխուած է, անոնք կը մնան առնուազն չորս օր, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ Արցախի մէջ մէկ օրուան ընթացքին կը ծախսէ շուրջ 100 տոլար: Զբօսաշրջիկներուն նախընտրած վայրերը կը մնան նոյները` Գանձասար, Ամարաս, Շուշի, Տիգրանակերտ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES