«ԱԶԴԱԿ ՄՈՊԱՅԼ»Ի ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ

Փորձառական շրջանի համար արդէն կը գործէ «Ազդակ մոպայլ»ը: Անոնք, որոնք հաղորդակցութեան եւ աշխատանքային ծրագիրներու համար կ՛օգտագործեն «Այ ֆոն» գործիքը, կրնան միանալ http://m.aztagdaily.com  հասցէին եւ հետեւիլ «Ազդակ»ի ելեկտրոնային հրատարակութեան նոր տարազին փոխանցած լրատուութիւններուն:

Եթէ «Ազդակ»ի այս վերջին նախաձեռնութեան մասին «Այ ֆոն»ի մեր ընթերցողները առաջարկներ ունին, զանոնք կրնան յղել «Ազդակ»ի խմբագրութեան: «Ազդակ»ի այս նոր տարազը իր վերջնական ձեւաւորումը կը ստանայ մինչեւ մէկ ամիս: Մինչ այդ մեզի համար օգտակար կ՛ըլլան ձեր առաջարկները:

 «Ազդակ» հայատառ առաջին թերթերէն է, որ հաղորդակցութեան այս ցանցին վրայ տարածք կը գրաւէ եւ այս ճամբով նաեւ կը հասնի ժամանակակից արհեստագիտութեան վերջին նորարարութիւնները օգտագործող իր ընթերցողներուն:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS