Զօր. Աուն. «Կը Յուսայինք, Որ Եւրոպա Նեցուկ Կանգնէր Մեզի` Մեր Հողերը Վերստանալու Առումով, Եւ Ոչ Թէ Դիմադրութիւնը Ամբաստանէր Ահաբեկչութեան Յանցանքով»

Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք իր խօսքը ուղղելով Եւրոպական Միութեան յայտնեց, որ ինք շշմած է Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական նկատելու Եւրոպական Միութեան որոշումէն, որովհետեւ ան կը հակադրուի ՄԱԿ-ի Ուխտին սկզբունքներուն, որոնց համաձայն, ժողովուրդները իրենց բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու եւ ինքնապաշտպանութեան դիմելու իրաւունք ունին:

«Այս զէնքը, որ այսօր ահաբեկչական կը նկատուի, 2000-ին ստիպած է Իսրայէլը հեռանալու լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն, ինչպէս նաեւ 22 տարուան իսրայէլեան բռնագրաւումէն ետք պարտադրած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 425 բանաձեւին գործադրութիւնը», շեշտեց զօր. Աուն:

Իր խօսքը ուղղելով Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն` զօր. Աուն ըսաւ. «Երբ դուք ազատութեան համար պայքարելու ժողովուրդներուն իրաւունքը կ՛ուրանաք, ուրացած կ՛ըլլաք նաեւ ձեր սկզբունքները, արժէքները եւ պատմութիւնը, որովհետեւ եւրոպացի բոլոր ժողովուրդները ունեցած են իրենց դիմադրութեան շարժումները»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES