Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման եռօրեայ անձնական այցելութեամբ մը կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներ:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, նախագահ Սլէյմանի եւ ամերիկացի պետական անձնաւորութիւններու միջեւ հանդիպումներ չեն նախատեսուած:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյման նախանցեալ օր Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Հըզպալլայի դէմ Եւրոպական Միութեան տուած որոշումին առնչութեամբ:
CATEGORIES Լիբանանեան


