Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Կը Պատրաստուի Արտասահմանեան Յատկացումներուն Չափը Կրճատելու

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի պետական եւ արտասահմանեան գործառնութիւններու ենթայանձնախումբը առաջարկած է 2014-ի ելեւմտական տարուան պիւտճէի նախագիծին մէջ կրճատումներ կատարել եւ զգալի կերպով նուազեցնել այլ երկիրներու յատկացուելիք օգնութեան չափը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 2014-ի ելեւմտական տարուան պիւտճէի նախագիծը ենթայանձնախումբին ներկայացուցած էր ապրիլ 2013-ին: Փաստաթուղթը, ինչպէս նախորդ տարիներուն, կը նախատեսէր օգնութիւն նաեւ Հայաստանի համար: Օպամա առաջարկած էր 2014-ին Հայաստանին տրամադրել ընդամէնը 24,719,000 տոլարի օժանդակութիւն, ինչ որ 38 առ հարիւրով նուազ է, քան 2013-ին Հայաստանի տրամադրուած օժանդակութեան չափը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 2013-ին Հայաստանին փաստացիօրէն յատկացուած տնտեսական օժանդակութեան չափը 40 միլիոն տոլար եղած է:

2014-ի պիւտճէի նախագիծին մէջ, ինչպէս նախորդ տարին, Լեռնային Ղարաբաղի յատկացուելիք օգնութեան մասին խօսք չկար: Սակայն վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գրասենեակը Լեռնային Ղարաբաղին տարեկան երկու միլիոն տոլար ելեւմտական օգնութիւն կը տրամադրէ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ պետական եւ արտասահմանեան գործառնութիւններու ենթայանձնախումբը արտաքին յատկացումներու յանձնախումբին կ՛առաջարկէ 2014-ին ընդհանուր առմամբ 20 առ հարիւրով կրճատել արտասահմանեան յատկացումները: Թէ այդ առաջարկը որքանո՛վ պիտի կրճատէ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուելիք ելեւմտական օգնութեան չափը, տակաւին յստակ չէ: Սակայն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ամերիկահայերուն կը յորդորէ կապ հաստատել իրենց շրջանը ներկայացնող օրէնսդիրներուն հետ եւ անոնց կոչ ուղղել` դէմ քուէարկելու ենթայանձնախումբի առաջարկին:

«Որովհետեւ Քոնկրեսը կը քննարկէ այլ երկիրներուն յատկացուող օգնութեան ծրագիրին մէջ աննախադէպ կրճատումներ կատարելու հարցը, մեր ամերիկահայ ընտրողները պէտք է տեղեակ պահեն Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին մէջ իրենց օրէնսդիրները, թէ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող օգնութեան նախագիծերը որքա՛ն կենսական դեր կը խաղան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այդ շրջանին մէջ ամերիկեան շահերը խթանելու համար», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեան:

Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու յանձնախումբը արտաքին գործառնութիւններու ենթայանձնախումբին առաջարկը պիտի քննարկէ այսօր:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ամերիկացի օրէնսդիրներուն կը յորդորէ`

– Հայաստանին յատկացնել առնուազն 50 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն:

– Լեռնային Ղարաբաղին յատկացնել առնուազն 5 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն:

– Վրաստանին յատկացուող ելեւմտական օժանդակութեան առնուազն 10 առ հարիւրը ուղղել Ջաւախքի մէջ աշխատատեղիներու ստեղծման:

– Միջոցներ յատկացնել Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ շարունակուող քաղաքական ճգնաժամին հետեւանքով վնասներ կրած հայերու եւ այլ քրիստոնեաներու վերաբնակեցման, ինչպէս նաեւ անոնց մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար:

– Խստացնել 1992-ին Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած թիւ 907 բանաձեւը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կ՛արգիլէր օժանդակութիւն տրամադրել Ազրպէյճանին, այնքան ատեն որ Պաքու չէ դադրեցուցած Հայաստանի շրջափակումը: 2002-ին, սակայն, բանաձեւին մէջ կատարուած էին փոփոխութիւններ, ըստ որոնց, ամերիկեան կառավարութիւնը իրաւունք ստացած էր Ազրպէյճանին տրամադրել օժանդակութիւն, եթէ ատիկա Հայաստանի դէմ յարձակում չ՛ենթադրեր, չի վտանգեր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը եւ անհրաժեշտ է Ազրպէյճանի սահմաններու պաշտպանութեան համար:

– ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւուին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )