Երեւանի Մէջ Կը Շարունակուին Փոխադրութեան Վարձքի Սղութեան Դէմ Բողոքի Ցոյցերը
Երէկ առաւօտէն Երեւանի քաղաքապետարանին մօտ սկսած հասարակական փոխադրամիջոցներու թանկացման դէմ բողոքի ցոյցը նախկիններուն համեմատ աւելի մարդաշատ էր:
Սկիզբը ոստիկանութիւնը թոյլ չտուաւ ցուցարարներուն շարժիլ դէպի քաղաքապետարանի մուտքը, որուն իբրեւ պատասխան անոնք փակեցին քաղաքապետարանին յարող փողոցը: Այդ պահուն խառնաշփոթ ստեղծուեցաւ եւ ցուցարարները յաջողեցան հասնիլ քաղաքապետարանին մուտքին մօտ:
Ոստիկանութիւնն ալ ստիպուած պատնէշ ստեղծեց մուտքին մօտ: Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ցուցարարներուն գործողութիւնները անօրինական են, անոնք կը խախտեն հասարակական կարգը, քաղաքապետարանը նոյնպէս բողոքներ ներկայացուցած է, այդ պատճառով շէնքին մուտքը փակած են:
Երեւանի Աւագանիի «Բարեւ, Երեւան» խմբակցութեան անդամ Անահիտ Բախշեան նոյնպէս ցուցարարներուն հետ էր: Ան յայտնեց, որ կը հասկնայ ժողովուրդին բողոքը, եւ անիկա իրենց անհրաժեշտ է քաղաքապետարանին մէջ արտակարգ նիստ հրաւիրելու համար:
Նախքան ցոյցին սկիզբը` քաղաքապետարանի շէնքին դրացնութեամբ գտնուող քանի մը քաղաքացիական գործիչներ բերման ենթարկուեցան: Ցուցարարները պարզեցին, որ բերման ենթարկուածները կը գտնուին ոստիկանութեան Կենտրոնի բաժինը, որոշեցին երթով երթալ այնտեղ եւ պահանջել անոնց ազատ արձակումը:
Մօտ 1.5 ժամ մնալով քաղաքապետարանին մօտ` ցուցարարները որոշեցին երթով մեկնիլ ոստիկանութեան Կենտրոնի բաժին, ուր, իրենց տուեալներով, կը գտնուէին բերման ենթարկուածները: Երթին ընթացքին անոնք անցան նաեւ կառավարութեան շէնքին քովէն, ուր քանի մը վայրկեան կանգ առին եւ պահանջեցին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հրաժարականը:
Արդէն ոստիկանութեան Կենտրոնի բաժինին մօտ ցուցարարները ոստիկանական նոր պատնէշի հանդիպեցան եւ այնտեղ բախում տեղի ունեցաւ: Մօտ 5 վայրկեան տեւած քաշքշուքէն ետք` գնդապետ Վալերի Օսիպեան խոստացաւ քիչ մը աւելի ուշ տեղեկացնել, թէ արդեօք բերման ենթարկուածները ազատ պիտի արձակուի՞ն:
Այնտեղ կը գտնուէր նաեւ Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան:
Ցուցարարներու խումբը Կենտրոնի բաժինին մօտ մնաց մինչեւ կէսօրէ ետք` եւ այդ ժամուն արդէն բոլոր ցուցարարները ազատ արձակուեցան:
Ուրիշ ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ կէսօրէ ետք` դարձեալ Երեւանի քաղաքապետարանին մօտ: Ցուցարարներու պահանջները նոյնն էին, մինչդեռ այս անգամ ոստիկանները անոնց թոյլ չտուին հասնիլ քաղաքապետարանի մուտքին մօտ:
Իրենց բողոքը արտայայտելէ ետք ցուցարարները որոշեցին քալել դէպի կառավարութեան շէնք, ուր կրկին պահանջեցին վարչապետին հրաժարականը:
Այնուհետեւ քաղաքացիական գործիչները միացան կանգառներուն մէջ «Մի՛ վճարիր 150 դրամ» պաստառներով բողոքի ցոյցեր կատարող քաղաքացիներուն:

