«ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՆԿԱՏՈՒԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին արձագանգեց Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախանցեալ օրուան յայտարարութեան:

Հակադարձելով առաջին նախագահի յայտարարութեան` Մարգարեան նշեց, որ իրենք չեն անհանգստացած երկխօսութեան փաստով, ընդհակառակն` նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին, ի տարբերութիւն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Դաշնակցութիւնը մշտապէս ըսած է, որ քաղաքական անկայունութիւնը եւ ցնցումները վտանգաւոր են եւ Ղարաբաղի հարցն ու արտաքին ճնշումները հաշուի առնելով, պէտք չէ առնել այնպիսի քայլեր, որոնցմէ կ՛օգտուի թշնամին:

«Անշուշտ, մենք ունինք մտահոգութիւններ. ոչ մէկ ժամանակ պէտք է ունենան այն յաւակնութիւնը, որ ժողովուրդի անունով կ՛երկխօսեն իշխանութեան հետ: Իրենք իբրեւ Հայ ազգային քոնկրես կ՛երկխօսեն իշխանութեան հետ եւ ժողովուրդի անունով չեն կրնար հարցեր որոշել», հաստատեց Հրանդ Մարգարեան: Ան աւելցուց, որ այսպիսի լիազօրագիր ժողովուրդը ո՛չ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին տուած է, ո՛չ ալ Սերժ Սարգսեանին:

Ըստ անոր, կայ հաւանաբար այն միտումը, որ մէկը գրաւէ իշխանութեան դաշտը, միւս ընդդիմութեան դաշտը, եւ ամբողջ քաղաքական դաշտը ղեկավարելի դարձնեն միասին եւ խաղէն դուրս ձգեն միւս բոլոր ուժերը:

Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ նաեւ Տէր Պետրոսեանի այն յայտարարութեան, որ իր նախագահութեան տարիներուն Դաշնակցութիւնը մտահոգուած չէր, ղարաբաղեան պատերազմի ամէնէն թէժ տարիներուն Դաշնակցութիւնը գրէթէ ամէնօրեայ ցոյցերու միջոցով ամէն ինչ ըրած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը ապակայունացնելու համար:

«Այդ օրերուն մեր հաւաքները մէկ նպատակ ունէին` կը փորձէինք իշխանութեան ստիպել, որ ղարաբաղեան պայքարին տէր կանգնի եւ մասնակից դառնայ, երբ իրենք կը խօսէին այն մասին, որ Ղարաբաղի հարցը ղարաբաղցիներու հարցն է», նշեց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը:

Ինչ կը վերաբերի արտակարգ ընտրութիւններուն, Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ միամտութիւն է կարծելը, որ իշխանութեան հետ կարելի է երկխօսութիւն կատարել անոր հրաժարականին շուրջ:

Մարգարեան նշեց, որ Տէր Պետրոսեան այդքան միամիտ չէ: Ըստ անոր, այստեղ այլ խաղ տեղի կ՛ունենայ: Մասնաւորաբար, արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները նաեւ իշխանութիւններու օգտին են, քանի որ անոնք կը յետաձգեն նաեւ նախագահական ընտրութիւնները:

«Եթէ այս երկխօսութեան իրբեւ արդիւնք իսկապէս արտակարգ ընտրութիւններ տեղի ունենան, ատիկա կարելի է դաւադրութիւն համարել ժողովուրդին դէմ», յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան:

 

Share this Article
CATEGORIES