Սփիւռքի Լրագրողներու Դասընթացքին Կը Մասնակցի Նաեւ «Ազդակ»-ի Աշխատակիցը

«Սփիւռք ամառնային դպրոց 2013» ընդհանուր ծրագիրին մաս կազմող Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացքին, որ սկսաւ երկուշաբթի, 22 յուլիսին, Ծաղկաձորի մէջ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ «Ազդակ»-ի աշխատակից, «Հայրենի կեանք» էջի խմբագիր Մարինա Համամճեան:

Երէկ` չորեքշաբթի, 24 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի մասնակիցներուն, որոնք այս առիթով գործադրեցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարարը  ուրախութիւն յայտնեց, որ այս ծրագիրին ընթացքին հայոց լեզուն ի պատուի է, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ դպրոցի կարեւորութեան, որովհետեւ անոր մասնակիցները սփիւռքի վաղուան առաջնորդները, լրագրողները եւ դաստիարակները պիտի ըլլան:

Այնուհետեւ նախարարը խօսեցաւ հայկական սփիւռքին մասին, մասնակիցները ծանօթացուց  սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն: Իր խօսքին մէջ նախարարը անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայերուն հիմնախնդիրներուն, խօսեցաւ այն բոլոր ծրագիրներուն մասին, որոնք կոչուած են օժանդակելու, օգնելու եւ աջակցելու սուրիահայերուն: Աւարտին Հ. Յակոբեան լսեց «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի մասնակիցներուն առաջարկները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:

Հանդիպման աւարտին մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարարին եւ նշեցին, որ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ոչ միայն հայրենիքը ճանչնալ, այլ նաեւ հարստացնել իրենց գիտելիքները, փորձառութիւն ձեռք ձգել եւ վերադառնալէ ետք առաւել օգտակար ըլլալ համայնքին:

Մինչ այդ մասնակիցները օրուան ընթացքին հանդիպում ունեցան Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ, որ անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան բարեփոխման խնդիրներուն, ուսուցման նոր ձեւերու կիրարկման, խօսեցաւ հայ երիտասարդներուն մասին, որոնք կը յատկանշուին ուսումնատենչութեամբ, խելքով: Սիմոնեան ցաւով արձանագրեց, որ այդ երիտասարդները, որոնք պատուով յաջողած են օտար երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ չեն կրնար համապատասխան վարձատրութեամբ աշխատանք գտնել եւ ստիպուած արտերկրի մէջ աշխատանք կը փնտռեն:

Խօսելով սփիւռքահայ ուսանողներուն տրուող կարելիութիւններուն մասին` Արամ Սիմոնեան նշեց, որ պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան բաժինին մէջ բացուած է հայրենագիտութեան բաժինը, որուն նպատակը արեւմտահայերէնի, հայաշատ վայրերուն մէջ աշխատող մասնագէտներու պատրաստումն է:

24 յուլիսին ներկայացուած դասախօսութիւններուն կարգին յատկապէս հետաքրքրական էր լրագրող Աբրահամ Գասպարեանի ներկայացումը, որուն հիմնական առանցքը լրագրողներու վարպետութիւնն էր: Ան ցուցադրեց «Երկաթէ լոպիինկ» ժապաւէնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի գործունէութեան  առանցքն ու նպատակը կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայ դատի պայքարի անցած ուղին:

Ներկայացուեցան նաեւ դասախօսութիւններ Սեւրի դաշնագիրի օրինականութեան, ընդհանուր դատական համակարգին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան կարգավիճակին, Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի իրաւական եւ քաղաքական գործօններուն եւ այլ հարցերու մասին: «Ղարաբաղեան հակամարտութիւն» եւ «Քաղաքական ու իրաւական գործօնները ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ» նիւթերը ներկայացուց Ալեքսանդր Մանասեան: «Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ» նիւթին մասին խօսեցաւ Ռուբէն Սաֆրաստեան, իսկ «Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային իրաւական հիմքերն ու գործիքները» նիւթը ներկայացուց Վլադիմիր Յովհաննիսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Barkev Asadourian 10 years

    Ողջունելի Ծրագիր, Յաջողութիւներ կը մաղթենք Բովանդակ Հայ Ժողովուրդին Զարգացումներուն․

  • Disqus ( )