Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՄՈՒՍՆՈՅՆ կողմէ ծեծի տակ սպաննուած Ռուլա Եաաքուպի ծնողները երէկ վերատեսութեան ենթարկեցին դատական որոշումը, ըստ որուն, ենթադրեալ «ոճրագործ» ամուսինը ազատ պիտի արձակուի: Եաաքուպի ծնողները բուռն կերպով բողոքեցին որոշումին դէմ` զայն նկատելով անարդար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տարրեր սկսան հարցաքննել վերջերս սպաննուած սուրիացի քաղաքական գործիչ Մոհամետ Տիրար Ժամմոյի կինը` Սամիհա Եունեսը, որ սուրիական ապահովական ուժերուն կողմէ հարցաքննուելէ ետք ձերբակալուած էր լիբանանեան պատկան մարմիններուն կողմէ լիբանանեւսուրիական սահմանին վրայ` Լաթաքիայէն իր վերադարձին:
CATEGORIES Լիբանանեան