5-րդ Օրն Ըլլալով Բողոքը Կը Շարունակուի Փոխադրամիջոցներու Սղութեան Դէմ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Արդէն հինգերորդ օրն ըլլալով Երեւանի փողոցներուն մէջ կը շարունակուի «Չեմ վճարելու 150 դրամ» բողոքի շարժումը: Երէկ երիտասարդները հիմնականին մէջ հաւաքուեցան կեդրոնական փողոցներու կանգառներուն մէջ, կանգնեցան «վճարել 100 դրամ» պաստառներով եւ բարձրախօսներով կոչ ուղղեցին չվճարելու 150 դրամ կամ 150 դրամ վճարելու պարագային պահանջել կտրօն:

Օփերայի տարածքին` դէպի Բաղրամեան պողոտայ կանգառը երէկ առաւօտեան մարդաշատ էր, երիտասարդներու նախաձեռնած ցոյցը, ինչպէս նկատել տուաւ անցորդներէն մէկը, տօնի կը վերածուի: Մարդիկ ոգեւորուած են փողոցներուն մէջ տեսնելով պայքարի դուրս եկած երիտասարդներ, լսելով անոնց «100 դրամ վճարել»-ու մասին կոչերը: Թերեւս անով պայմանաւորուած է, որ ցոյցի ընթացքին քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներուն կը միանան անցորդներ, այլ քաղաքացիներ:

Քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները յայտնեցին, որ քանի մը երթուղիներ երէկ գործադուլ կատարած են եւ իրենց պայքարը արդիւնք կու տայ: Երիտասարդներու ցոյցը մեծաւ մասամբ լաւ արձագանգ կը գտնէ նոյնիսկ երթուղայիններու վարորդներու շրջագիծին մէջ: Անոնք կը մտնեն փոխադրակառքերու, փոքր պասերու մէջ, կ՛ողջունեն վարորդներուն, կոչ կ՛ուղղեն վճարելու 100 դրամ, իսկ վարորդն ալ կ՛ըսէ, թէ այս ամէնը կը կատարեն նաեւ իր եւ իր ընտանիքին համար: «Գործադուլ կատարեցէ՛ք, մի՛ վճարէք 150 դրամ», կը գոռան Բաղրամեան պողոտայի կանգառին մէջ կանգնած գործիչները: Այս կանգառին մէջ շատ են «Ֆրի քար»-երը, որոնց վարորդները յայտնի մարդիկ չեն, պատահական անցորդներ են, թաքսիներու վարորդներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )