Շէյխ Ահմետ Ասիրի Թիկնապահը Ձերբակալուեցաւ
Պէյրութի միջազգային օդակայանին ապահովական ուժերը երէկ կանուխ առաւօտուն ձերբակալեցին Ապրայի դէպքերուն գլխաւոր յանցագործ շէյխ Ահմետ Ասիրի թիկնապահը: 1983-ի ծնունդ, ծագումով պաղեստինցի Ալի Ապտել Ուահետ Պէյրութի օդակայանէն Գահիրէի ճամբով կ՛ուղղուէր դէպի Նիկերիա: Ան փորձած էր փոխել իր դիմագիծը` ածիլելով մազերն ու մօրուքը:
CATEGORIES Լիբանանեան