Նախարար Սապունճեան Իրաքի Դեսպանին Հետ Քննեց Տնտեսական Փոխադարձ Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Սապունճեան եւ դեսպան Ալուսի

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ռաատ Ալուսին, որուն հետ քննարկեց տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ լիբանանեան տնտեսական պատուիրակութեանց Իրաք այցելութեան եւ Իրաքի մէջ տնտեսական ու առեւտրական ներդրումի կարելիութիւնները:

Դեսպան Ալուսի պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն ձեւով դիւրացնելու լիբանանցի գործարարներու այցելութիւնն ու գործունէութիւնը իրաքեան շուկաներուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES