Շարունակելով Իր Հանդիպումները Քաղաքական Կողմերուն Հետ. «Եւրոպական Միութեան Որոշումը Ահաբեկչութեան Դէմ Է Եւ Ոչ Թէ Դիմադրութեան Ըմբռնումին» Յայտարարեց Անժելինա Էխհորեսթ

Էխհորեսթի հետ զօր. Աունի հանդիպումէն պահ մը

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ երէկ շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները լիբանանեան զանազան կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ` փորձելով յստակացնել Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչութեան ցանկի վրայ տեղադրելու որոշումին իսկական դրդապատճառները:

Էխհորեսթ այլազան կողմերու տուած իր այցելութեանց ընդմէջէն կը փորձէ կողմերը մղել որոշումը մեկնաբանելու նոյն դիտանկիւնէն:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Էխհորեսթ յայտնեց, որ այդ որոշումը քաղաքական բնոյթ ունի եւ կու գայ իբրեւ կանխազգուշական քայլ` եւրոպական պետութեանց դէմ ապահովական որեւէ հաւանական գործողութեան կանխարգիլման գծով: Եւրոպական Միութիւնը տարիէ մը ի վեր կը սերտէ այս որոշումը, անիկա հիմնականին մէջ ուղղուած է ահաբեկչութեան եւ ոչ թէ Դիմադրութեան ըմբռնումին դէմ: Փաստացի տուեալներ կան Եւրոպական Միութեան մօտ ու աւելի ուշ պիտի հրապարակուին անոնք:

«Այս որոշումը կարելի է վիճարկել հետագային», նշեց Էխհորեսթ` ընդգծելով, որ պետութիւնները իրաւունք ունին իրենք զիրենք պաշտպանելու:

Իր այս գաղափարները ընդհանրացնելու միտումով եւ փորձելով մեկնաբանել ու արդարացնել Եւրոպական Միութեան այս որոշումը, Էխհորեսթ երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Մինչ այդ, Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչութեան ցանկին վրայ տեղադրելու Եւրոպական Միութեան որոշումը շարունակեց առանցքը կազմել կողմերու մեկնաբանութեանց եւ հակազդեցութեան:

Այս իմաստով հաւաստի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը իր այդ որոշումը պաշտօնապէս յղած է հանրապետութեան նախագահ Սլէյմանի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, այդ որոշումը անպայման իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ կառավարութեան կազմութեան միտող ճիգերուն վրայ:

Միւս կողմէ, դրամատուներու ընկերակցութեան նախկին նախագահ Ֆրանսուա Պասիլ յայտնեց, որ լիբանանեան դրամատուները կը գործեն յատուկ յանձնառութեամբ համայն աշխարհի դրամատուներուն հետ, եւ այս որոշումը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի դրամատնային մարզին վրայ:

Իր կարգին, Հըզպալլայի պատասխանատուներէն երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի երէկ բուռն կերպով քննադատեց որոշումը` ընդգծելով, որ անիկա կը միտի անարգել ոչ միայն Դիմադրութիւնը, այլեւ համայն լիբանանցի ժողովուրդը, որ դէմ է նման կեցուածքի եւ չ՛արտօներ, որ նման որոշում մը «անցնի» առանց ընդվզումի: Մուսաուի նշեց, որ միայն նացիներն էին, որոնք Եւրոպայի մէջ Դիմադրութիւնը «ահաբեկչութիւն» որակած էին, ու հարց տուաւ, թէ արդեօ՞ք հիմա Եւրոպական Միութեան մօտ սթափած են նացիական նկրտումները: Մուսաուի «անյոյս» նկատեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի քաղաքական եւ զինուորական թեւերը անջատելու փորձերը:

Նոյն ծիրին մէջ, Եւրոպական Միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր պարզեց, որ նշեալ որոշումին հիմամբ ահաբեկչական ցանկի վրայ նկատի առնուած են 11 անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` Հասան Ազզէտին կամ «Ղըրպայա» կամ «Սամիր Սլուան» անուններով ծանօթ հարաւային լիբանանցին:

Այս որոշումին հիմամբ, նշեալ 11 անձերուն ունեցուածքներն ու դրամական հաշիւները պիտի սառեցուին: Իսկ Հըզպալլայի զինուորական թեւը գրաւեց 10-րդ դիրքը 25 կազմակերպութիւններ ընդգրկող ահաբեկչական ցանկին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )