Լիզպոնի 30-ամեակի Ոգեկոչում` Այնճարի Մէջ

Կիրակի, 28 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան մէջ ՀՅԴ  ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 30-ամեակին նուիրուած ժողովրդային ոգեկոչումը:

Ներկաները նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս  լռութեամբ  յարգեցին Լիզպոնի նահատակներուն  յիշատակը: Ապա ԼԵՄ-ի շարքերէն Քարոլ Հաճեան կարդաց ԼԵՄ-ի խօսքը` ընդգծելով, որ «ԼԵՄ-ը իր շարքերուն լաւագոյն հունձքը ուղարկեց պետութիւններու լուռ եւ քարացած սրտերը շարժելու եւ կրկին արժեւորելու երկաթէ շերեփը, որ մոռցուած կը թուէր ըլլալ: Լիզպոնի մարտիկները հրդեհեցին թրքական դեսպանատունը եւ դարձան իտէալական կերպարներ իւրաքանչիւր  սփիւռքահայու համար»: Ան նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեց զոհերու ընտանիքներուն եւ յատկապէս ծնողներուն` հերոսներ ծնած ըլլալնուն համար: Այնուհետեւ Հաճեան մատնանշեց այն վտանգները, որոնք կը սպառնան սփիւռքահայ երիտասարդութեան ու յաջորդող սերունդներուն եւ կը միտին ջնջել Հայ ոգին ու աղաւաղել հայ երիտասարդներուն ազգային ինքնութիւնը:

Խաժակ Այնթապլեան

Ասմունքով հանդէս եկաւ Արին Պուրսալեան: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Խաժակ Այնթապլեան:

Բանախօսը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Լիզպոնի սխրանքին տուն տուող պատճառները, նահատակ  ընկերներու` լռութեան միջազգային պատը քանդելու հերոսական արարքը եւ Հայ դատի պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ անոնց ունեցած մեծ ու վճռական ազդեցութիւնը:

Պատգամախօսը անկիւնադարձային նկատեց Լիզպոնի սխրանքը, որ արթնութեան նշան էր թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին ճակատներու վրայ: Ան կոչ ուղղեց նորահաս սերունդներուն լաւապէս սերտելու Լիզպոնի տղոց պատգամը, որ անժամանցելի է բոլոր ժամանակներուն:

Տեղի ունեցաւ «փաուըր փոյնթ»-ի ցուցադրութիւն Լիզպոնի ողջակէզներուն մասին, ապա ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի նուագախումբը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Share this Article
CATEGORIES