Սուրիա – Թուրքիա Սահմանին Վրայ Առեւանգուած Են 14 Եւ 12 Տարեկան Երկու Հայեր
Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ, 28 յուլիսին առեւանգուած են երկու հայ պատանիներ: Անյայտ անձեր կանգնեցուցած են Սուրիայէն Թուրքիա` Այնթապ քաղաք մեկնող մեքենան:
Մեքենային մէջ կային երեք հայ ընտանիքներ, որոնց մէջ` երկու հայ պատանիներ, զինեալները երեխաները տարած են անյայտ ուղղութեամբ, իսկ եօթը կիները ազատ արձակած:
Ինչ կը վերաբերի առեւանգուած չորս երիտասարդներուն, անոնց մասին տեղեկութիւններ տակաւին չկան, իսկ անոնց հետ Թուրքիա տեղափոխուած հայ կիները պիտի մեկնին Հայաստան: Այս մասին «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է Հալէպի «Գանձասար» թերթի թղթակից Զարմիկ Պօղիկեան:
CATEGORIES Գաղութային

