ՓԻՒՅՈԼ ԵՐԿՈՒՔԷՆ ԵՐԵՔ ԱՄԻՍ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԴԱՇՏԵՐԷՆ

Քարլես Փիւյոլ

Պարսելոնայի խմբապետ Քարլես Փիւյոլ, որ ենթարկուեցաւ ոտքի յաջող վիրաբուժութեան, երկուքէն երեք ամիս պիտի բացակայի դաշտերէն, յայտնեցին Սպանիոյ եւ Եւրոպայի ախոյեանին պատասխանատուները:

33 տարեկան յետսապահը, որ Սպանիոյ հետ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս ամիս Միացեալ Նահանգներու եւ Վենեզուելայի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն, այս տարեշրջանի երկրորդ կէսին ընդհանրապէս դաշտ չներկայացաւ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Նշենք, որ «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին (Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ) ան դաշտ ներկայացաւ 88-րդ վայրկեանին միայն` փոխարինելով Տանիել Ալվեսը:

Անոր շուրջ երեք ամիսով դաշտերէն հեռու մնալը կը նշանակէ, որ ան Պարսայի կատարելիք ֆութպոլի բարեկամական գրեթէ բոլոր մրցումներուն (նոր տարեշրջանին պատրաստուելու համար) դաշտ պիտի չներկայանայ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումը (30 յուլիսին` Մերիլենտի մէջ, Միացեալ Նահանգներ):

 

Share this Article
CATEGORIES