Ազրպէյճան, «Պի.Փի.» Եւ «Թոթալ» Անդրատրիաթիք Խողովակաշարի Նախագիծին 50 Առ Հարիւրը Ձեռք Բերած Են

Ազրպէյճանական «Շահտենիզ» կազի հանքավայրը շահագործող ընկերութիւններ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»(«Պի.Փի.»), «Թոթալ» եւ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութիւնը Անդրատրիաթիք խողովակաշարի նախագիծին մէջ 50 առ հարիւր շահաբաժին ձեռք բերած են: Խողովակաշարը Կասպից ծովու բնական կազը պիտի հասցնէ Եւրոպա:

Ազրպէյճանական Trend.az կայքէջը կը գրէ, որ ՍՈՔԱՐ եւ «Պի.Փի.» նախագիծին մէջ ստացած են 20-ական տոկոս շահաբաժին, «Թոթալը»` 10 առ հարիւրը, իսկ 17 առ հարիւր շահաբաժինն ալ ձեռք բերած է պելճիքական «Ֆլուքսիս» կազի փոխադրութեան ընկերութիւնը: Ներկայիս Անդրատրիաթիք խողովակաշարի բաժնետէրերն են բրիտանական «Պի.Փի.»-ն (20 առ հարիւր), ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ը (20 առ հարիւր), ֆրանսական «Թոթալ»-ը (10 առ հարիւր) նորվեկիական «Սթաթոյլ»-ը (20 առ հարիւր), պելճիքական «Ֆլուքսիս»-ը (16 առ հարիւր), գերմանական «Ի.Ի.ՕՆ»-ը (9 առ հարիւր) եւ զուիցերիական «Աքփօ»-ն (5 առ հարիւր):

Յիշեցնենք, որ 28 յունիսին «Շահտենիզ» միջազգային ընկերութիւններու համախմբումը յայտարարեց, որ ազրպէյճանական կազը Եւրոպա հասցնելու համար դիմում ներկայացուցած եւրոպական երկու մրցակից «Նապուքօ Ուեսթ» եւ Անդրատրիաթիք խողովակաշար նախագիծերէն իրենք ընտրած են երկրորդը:

Նախագիծը կը նախատեսէ բնական կազը «Շահտենիզ»-էն Արեւմտեան Եւրոպա հասցնել Յունաստանի, Ալպանիոյ եւ Իտալիոյ ճամբով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )