50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1963)

20-րդ Դարուն
Պատահած Շարժեր

1923-էն ի վեր աշխարհի ամէնէն սարսափազդու շարժերուն ցանկը հետեւեալն է.-

1923-ին Թոքիոյի մէջ պատահած էր դարուս ամէնէն սարսափազդու շարժը եւ 99.000 հոգի մեռած էին:
1930, Նափոլի, 21.000 մեռեալ:
1935, Քուէթթա-Արեւմտեան Փաքիստան, 25.000 մեռեալ:
1940, Թուրքիա, աւելի քան 30.000 մեռեալ:
1949, Ասամ, 1526 մեռեալ:
1949, Էքուատոր, աւելի քան 2000 մեռեալ:
1958, Իրան, աւելի քան 1000 մեռեալ:
1954, Օրլէանվիյ, Ալճերիա, 1400 մեռեալ:
1956, Աֆղանիստան, շուրջ 2000 մեռեալ:
1957, Իրան, շուրջ 2000 մեռեալ:
1960 մարտ, Ակատիր, 12.000 մեռեալ:
1960 ապրիլ, Իրան, 3500 մեռեալ:
1960 մայիս, Չիլի, 2000 մեռեալ:
1962, Իրան, 11.000 մեռեալ:

 

Տոմսեր

Քարլ Մարքսը
Եւ… Դրացիին Պարտէզը

Կէս բուրժուա-կէս պրոլետար Ռամկավար-«հայաստանասէ՜ր» Արչին հետեւեալ գաղափարական յայտարարութիւնը կ՛ընէր Չալիին.

– Այս տարի, երբ Հայաստան գացինք, ընկ. Զարոբեանը ինծի նուէր տուաւ Քարլ Մարքսի գիրքը: Ես, շիտակը, քիչ մը քոնեաք կ՛ակնկալէի, բայց ան գիրք տուաւ: Է՜հ, ուզեմ-չուզեմ` առի: Տուն եկայ, բացի Մարքսը եւ սկսայ կարդալ: Չա՛լի, կ՛ուզե՞ս  գիտնալ. բա՜ն մը չհասկցայ: Մեր տիկինին հարցուցի, որ շա՜տ վէպեր կարդացած է. ան ալ նայեցա՜ւ, նայեցա՜ւ, ակնոցը քանի մը անգամ մաքրեց, աչքերը շփեց, նորէ՛ն կարդաց, մէջէն չկրցա՜ւ դուրս գալ: Մէ՛կ բան միայն կրցայ հասկնալ. գիրքին անունը` «Քափիթալ»: Եու նօ՜, քափիթա՜լը: Պենք որ կ՛երթամ պենք պուքս տանելու, մարդը կ՛ըսէ. «Եու ար է քափիթալիսթ»:

«Հիմա, Չալի՛, դուն կրնա՞ս երկու խօսքով պատմել, թէ Մարքսի գիրքը ի՞նչ կը խորհի բոլշեւիզմի համար: Հաճիս, շուտ մը պատմէիր»:

Տեսակցութիւնը տեղի կ՛ունենար Չալիի բնակարանի պարտէզին մէջ, փոքր կրակարանի մը վրայ դարձող շիշ-քեպապին շուրջ: Դրացիներու պարտէզներ կան, որոնք ցանկապատով մը բաժնուած են Չալիի պարտէզէն:

– Արչի՛,- ըսաւ Չալի` ցոյց տալով իր պարտէզը, որ շատ լաւ մշակուած է, եւ ուր ծաղիկներ եւ բանջարեղէններ կ՛աճին:- Կը տեսնե՞ս սա պարտէզը:

– Օրա՜յթ է,- պատասխանեց Արչի:- Լա՜ւ հոգ կը տանիս. այս տարի լոլիկը եւ վարունգը քեզմէ պիտի ուտեմ…

– Հիմա կը տեսնե՞ս այդ միւս` դրացի տան պարտէզը…

Ու Չալի, Արչիին ցոյց կու տար դրացի անխնամ պարտէզ մը: Խոտեր եւ փուշեր մեծցած էին հոն: Տեղ մը կիսովին եւ անփոյթ կտրուած ծառ մը կար: Փոսեր` հոս ու հոն: Բայց ո՛չ մէկ լոլիկ կամ վարունգ, որ իր հասակը ցոյց տար խոտերուն մէջէն: Խոպա՜ն պարտէզ մըն էր:

– Ասի պարտէզ չէ՛, Չալի՛, վերանէ՜ է: Ո՞վ կը բնակի այդ տունը: Այդ ի՞նչ տեսակ մարդ է…

– Ըսե՛մ, թէ ի՛նչ տեսակ մարդ է: Շա՜տ լաւ մարդ է: Բայց տունը իրեն չի պատկանիր, վարձակալ է ու բնականաբար սէր եւ հետաքրքրութիւն չունի պարտէզին հանդէպ: Ճիշդ ա՛յս է Մարքսի բոլշեւիզմը, Արչի՛: Ամէն մարդ վարձակալ է բոլշեւիզմի տակ, եւ ո՛չ մէկը կ՛ուզէ աշխատիլ իրեն չպատկանող հողին վրայ: Պարտէզն ալ խոպան ու անպտուղ կը մնայ անշուշտ…

– Թե՜նք եու, Չալի՛, երանի՜ թէ Զարոբեանը շիշ մը քոնեաք նուիրած ըլլար ինծի, այդ գիրքին տեղ: Ես բոլշեւիզմը հայկական քոնեաքով ճանչցայ…

Սա Մարքսը ուրկէ՞ ելաւ մէջտեղ, աւրե՜ց գործերնիս…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Տեղական Լուրեր

Պէյրութի Բոլոր Փողոցները
Պիտի Լուսաւորուին Շուտով

Պէյրութի Բարեզարդումը

Յայտարարութիւն մը ընելով երէկ` Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Ամին Պէյհում աչքէ անցուց Պէյրութի մէջ ներկայիս տեղի ունեցող աշխատանքները ու անոնք, որոնց իրագործումը նախատեսուած է մօտ ապագային համար: Ա. Պէյհում յայտարարեց, թէ մայրաքաղաքի կարգ մը փողոցներու ֆլիւօրեսան լուսաւորման նուազուրդը տեղի ունեցած է յուլիս 25-ին: Միջազգային վեց ընկերութիւններ առաջարկներ ներկայացուցած են: Ընտրութիւնը պիտի կայանայ 13 օգոստոսին:

Քանի մը ամիսէն քաղաքին բոլոր գլխաւոր փողոցները պիտի լուսաւորուին, իսկ երկրորդական փողոցներուն` մէկ մասը:

Ա. Պէյհում յիշեցուց, թէ քաղաքապետական խորհուրդը Պէյրութի մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին վստահած է Պեշարա Խուրի փողոցի շարունակման եւ Պէյրութի արեւելեան մուտքի պողոտայի բացման աշխատանքները: Այդ աշխատանքները ամէնէն ուշը պիտի սկսին սեպտեմբերին:

Ա. Պէյհում յայտարարեց, թէ Պասթայի եւ Սեն Նիքոլայի ծուռ փողոցները պիտի շտկուին մօտերս, 7 միլիոն լ. ոսկիի հատուցում պիտի տրուի կալուածատէրներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES