Եգիպտական Կառավարութիւնը Կը Հրամայէ Գահիրէի Մէջ Իսլամականներու «Անընդունելի» Նստացոյցերը Ցրուել
Եգիպտոսի նախարարաց խորհուրդը երկրին ներքին գործոց նախարարութեան պարտականութիւն տուաւ Գահիրէի մէջ իսլամականներու նստացոյցերը ցրուելու` յայտնելով, որ անոնց շարունակումը «այլեւս դադրած է ընդունելի ըլլալէ»:
Կառավարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ (Ռապիա Ատուիյա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ) «վտանգաւոր կացութեանց շարունակումը եւ անոնց հետեւող ահաբեկչական արարքներն ու ճամբաներու փակումը այլեւս դադրած են ընդունելի ըլլալէ»` աւելցնելով, որ որոշուած է այդ վտանգներուն վերջ տալու առնչութեամբ միջոցառումներ որդեգրել եւ ներքին գործոց նախարարին պարտականութիւն տրուած է «օրէնքի ծիրին մէջ այդ հարցով անհրաժեշտ որոշումները որդեգրելու»: Նշենք, որ Եգիպտոս երէկ Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր առաջնորդը դատարան փոխանցեց:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց Եգիպտոս այցելութեան ընթացքին իր ներկայացուցած Եւրոպայի առաջարկած ծրագիրը, ըստ որուն, Եւրոպական Միութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդութիւն կը կատարէ:
Ան վստահեցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթին վերադարձը եւ բոլոր տեսակի բռնարարքներու մերժումը, եւ այդ մէկը եգիպտացի պաշտօնատարներուն յայտնած է:
Ան հերքեց, թէ իր այցելութիւնը որեւէ գաղափար պարտադրելու կամ եգիպտական ներքին հարցերուն միջամտութեան համար էր, այլ` կացութեան իսկական պատկերին ծանօթանալու եւ ատոր լոյսին տակ օժանդակութիւն տրամադրելու:
Աւելի ուշ, Էշթընի բանբերը յայտարարեց, որ ան պատրաստ է Եգիպտոս վերադառնալ օժանդակելու համար տագնապի լուծման:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ողջունեց Էշթընի` Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ ունեցած հանդիպումը եւ զայն կարեւոր նկատեց:
Ան ըսաւ, որ Անգարա պատրաստ է Եգիպտոսի մէջ փոխանցման հանգրուանը ամբողջացնելու եւ իշխանութիւնը ընտրովի իշխանութեան մը փոխանցելու ձգտող բոլոր տեսակի նախաձեռնութեանց աջակցութիւնը ամրապնդելու:
Ափրիկեան միութենէն պատուիրակութիւն մը երէկ իր կարգին հանդիպում ունեցաւ Մուրսիի հետ, սակայն եգիպտական նախագահութիւնը մերժեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէի` Մուրսիին այցելելու խնդրանքը:
Եգիպտոսի նախագահի խորհրդական Սաքինա Ֆուատ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներու դեսպանը փորձեց Եգիպտոսի մէջ փաքիստանեան բնորդը կիրարկել, սակայն ժողովուրդն ու բանակը սիոնա-ամերիկեան ծրագիրը տապալեցին»:
Թուրքիա Կը Հերքէ Եգիպտոսի Հետ
Համաձայնագիրները Առկախելու Լուրը
«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա հերքած է լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուած այն լուրերը, թէ Անգարա Եգիպտոսի հետ իր կնքած 27 համաձայնագիրներու գործադրութիւնը առկախած է:
Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին երկու ամսուան ընթացքին բացատրութիւններ պահանջելու համար երկու անգամ կանչած էր Թուրքիոյ դեսպանը: