Ասատ Վստահ Է, Որ Պիտի Յաղթէ

Նախագահ Ասատ` Տարայիայի մէջ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ յայտնեց, որ ինք վստահ է, որ պարտութեան պիտի մատնէ զինեալ ընդդիմութիւնը:

«Եթէ Սուրիոյ մէջ վստահ չըլլայինք, թէ յաղթանակ պիտի արձանագրենք, դիմադրելու եւ աւելի քան երկու տարի թշնամիին դէմ կռիւը շարունակելու կարողութիւնը պիտի չունենայինք», ըսաւ Ասատ:

Ան սուրիական բանակի ստեղծման 68-ամեակին առիթով սպաներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ սուրիացի զինուորները «ահաբեկչութեան… եւ արդի պատմութեան ամէնէն բարբարոս պատերազմին դիմաց» քաջութիւն ցոյց տուած են:

Նշենք, որ Ասատ երէկ անակնկալ կերպով Տարայիա այցելեց:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին պէտք է խոստանան, որ Քայիտայի հետ կապ ունեցող բոլոր ահաբեկչական եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւնները պիտի վտարեն:

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, որ Մոսկուա Դամասկոսին հակաօդային «Էս.Էյ.-26» (Սի.-125 «Փեչորա2Մ») համակարգեր մատակարարած է, ինչպէս նաեւ Սուրիա ուղարկած է փորձագէտներ, որոնք կրնան զանոնք բերել մարտական պատրաստուածութեան:

Մոսկուա նաեւ Սուրիա ուղարկած է երկու ուղղաթիռներ, որոնք այժմ պիտի օգտագործուին Սուրիոյ բանակին կողմէ:

Միւս կողմէ, «Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ «ԱզերՓրես» կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ կռուող տարբեր ընդդիմադիր խմբաւորումներու կազմին մէջ ազրպէյճանցի 60-է աւելի ժիհատականներ կան:

Կառավարական ուժերուն դէմ կռիւներու ընթացքին արդէն սպաննուած են 30-է աւելի ազրպէյճանցիներ:

Ազրպէյճանցի ժիհատականներուն մեծամասնութիւնը «Ժէյշ Մուհաժիրին ուալ Անսար» խմբաւորման անդամներ են եւ անոնց հրամանատարն է ազրպէյճանցի Ապու Եահիան: Վերջինս «Եութիուպ»-ի միջոցով Ազրպէյճանի ուահապականներուն կոչ ուղղած է միանալու Ասատի դէմ մարտերուն:

Յայտնենք, որ Քայիտայի հետ կապ ունեցող ծայրայեղական խմբաւորումներ Հալէպի մօտ գտնուող քրտական Թել Խասիս եւ Թել Արրան գիւղերէն 200 բնակիչներ առեւանգած են:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )