Նամականի
Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի
Մեծ հաճոյքով հետեւեցանք ձեր պատմագէտ աշխատակից Ասպետ Մանճիկեանի յօդուածաշարքին, որ կը հայէր Հռոմի պապի ընտրութեան եւ Յիսուսեան միաբանութեան կրթական եւ առաքելական բեղուն գործունէութեան: Այնտեղ յիշատակուած էին անոնց հիմնած կարեւորագոյն քոլեճներն ու համալսարանները ամէնուրեք:
Թոյլ տուէք այստեղ յիշեցնել, որ մեծանուն միաբանութիւնը, հայոց համար, եթէ ոչ ծաւալուն, բայց յիշատակելի ծառայութիւններ ըրած է ջարդերէ ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներու համար: Անոնք հիմնած են վարժարաններ` Գըրըգխանի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ, ուր մեծ նուիրումով դաստիարակած են հայ նորահաս սերունդը, քրիստոնէական, տոհմային եւ մտաւոր գիտութեամբ:
Բարձր իմացականութեան տէր օտար եւ հայ հոգեւորականներ` անդամ սոյն միաբանութեան, կեանք մը ամբողջ նուիրաբերած են հայագիտութեան եւ հայ մանուկներու դաստիարակութեան համար: 1983 թուականին միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր ընտրուած էր հոլանտացի հայր Հանց Քոլվենպախը եւ տարիքի բերմամբ հրաժարած` 2010-ին: Լեզուագէտ էր ու կը տիրապետէր տասնեակ մը լեզուներու, հայագէտ, գրաբարագէտ եւ հայ ծէսի քաջածանօթ, կը պատարագէր նաեւ հայերէն լեզուով եւ 16 տարիներ պաշտօնավարած Պէյրութի մէջ: Հայր Յովհաննէս Մըսրլեան` հիմնադիր եւ վարիչ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած են հոյլ մը հայ մտաւորականներ: Հայր Սահակ Քէշիշեան, տիպար եկեղեցական մը, որ կատարած է կոթողային թարգմանութիւններ գրաբար հայերէնէ-ֆրանսերէն` օտարներուն ծանօթացնելով հայ գրականութեան գոհար էջերը, ինչպէս` Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»-ը 1961 թուականին, վերահրատարակուած` 2000 թուականին, Ներսէս Շնորհալիի «Որդի Հօր Միածին»՝ 1973 թ., Ներսէս Լամբրոնացիի սուրբ պատարագի մեկնութիւնը (2000 թ.) եւ «Ողբ Եդեսւոյ» (1984 թ.) աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` շատ մը այլ հայ հեղինակներու գործեր:
Երախտաւոր հայրերէն յիշատակենք` հայր Փասքալ Զուլիքեանը, հայր Ճապուրեանը, ֆրանսացիներէն` հայր Փուատըպար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան շրջանին եղած է ֆրանսական կառավարութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ: 1922-ին Պէյրութ տեղափոխուելով` «Նիր իսթ ռըլիֆ» կազմակերպութեան տնօրէն Արիէնի հետ մշակած է հայ գաղթականներու համար տուներ շինելու ծրագիրը: Ան իր սերտ յարաբերութիւնները պահած է նախկին հայրենի պետական եւ կուսակցական դէմքերու հետ:
Միւս ֆրանսացի նուիրեալներէն յիշենք` հ. Փոլ Պէյլ, հ. Տը Լավերնեթ, հայր Մարսել Վիլար, հայր Չատ, հայր Պրիմեն, հ. Պոնթոս եւ ուրիշներ, որոնք քանիցս արտայայտուած են, թէ` «Մենք ծնունդով ֆրանսացի ենք, բայց հոգիով ու սրտով հայ»:
Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը բոլորին:
Դամասկոսի երախտապարտ նախկին սաներ
ԺՈԶԵՖ ՂԱԶԱՐԵԱՆ, ԱՐԱՄ ԳԱՅԱՅԵԱՆ, ՍԱՐԳԻՍ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

